Newsletter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 22 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերուն: Անոնք նաեւ խորհրդակցեցան յառաջիկայ շաբաթ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք հայ մամուլին նուիրուած համազգային համագումարին մասին: Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարին անձամբ ներկայ պիտի գտնուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան:

Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւն.  Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան  Թեկնածուն Դարձեալ Պարտութեան Մատնուեցաւ

Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւն. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Թեկնածուն Դարձեալ Պարտութեան Մատնուեցաւ

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութիւնը: 31 մարտին տեղի ունեցած նախկին քուէարկութիւնը անցեալ ամիս չեղեալ նկատուեցաւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ: Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին: Քաղաքի 39 շրջաններուն մէջ տեղադրուած էին 31,342 քուէատուփեր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն ըսաւ. «Պոլսոյ քուէարկողները քաղաքին համար...

Ուաշինկթըն Այսօր Յաւելեալ  Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ Իրանի Դէմ

Ուաշինկթըն Այսօր Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ Իրանի Դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր Քամփ Տէյվիտ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց. «Պիտի մեկնիմ Քամփ Տէյվիտ` Իրանի շուրջ խորհրդակցելու համար»: Ան աւելցուց, որ զինուորական քայլը տակաւին սեղանի վրայ է: Ան ըսաւ, թէ կ՛ուզէ «հակառակորդին հոյակապ բաներ կատարել` երկար ժամանակէ ի վեր»: «Իրան կ՛ուզէ անգամ մը եւս հարուստ երկիր մը ըլլալ: Իրանը անգամ մը եւս մեծ դարձնենք»: «Կ՛ուղղուինք դէպի Իրանի...

Ըստ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Անդամներուն.  Եկամտահարկի Համահարթեցման Նախագիծը  Ունի Կասկածելի Սկիզբ Ու Կասկածելի Հետեւանքներ

Ըստ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներուն. Եկամտահարկի Համահարթեցման Նախագիծը Ունի Կասկածելի Սկիզբ Ու Կասկածելի Հետեւանքներ

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները 21 յունիսին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան իրենց երկօրեայ նստացոյցին: Նախաձեռնութեան անդամ Արգիշտի ԳԷորգեան նախ անդրադարձաւ նախաձեռնութեան` նշելով, որ անիկա ստեղծուած է Հարկային օրէնսգիրքի եկամտային հարկի համահարթ սկզբունքին դէմ: «Ուսումնասիրած ենք շարք մը երկիրներու բնորդներ ու հասած այն  համոզումին, որ ասիկա կրնայ բերել հասարակութեան բեւեռացուածութեան, եկամուտներու ոչ արդար բաշխման: Կազմակերպած ենք...

Կեանքի Կոչուած Է Սփիւռքահայերու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Պիտի Հետապնդէ Հայաստան Հաստատուած Սփիւռքահայերուն Խնդիրները

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստանի մէջ հաստատուած հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, որ 20 յունիսին նախաձեռնած էր առաջին հանդիպումին` իրանահայերու հետ, որպէսզի տեղեկանայ անոնց խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Յանձնախումբի անդամ Սիմոն Գաֆալեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ յանձնախումբին կարեւոր առաքելութիւնը Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերուն հետ կապ հաստատելն ու անոնց անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն տրամադրելն է: Ան նշած է,...

Փայլան Կոչ Ուղղած Է Կիրակի Օր Քուէարկելու  Ընդդիմադիր Թեկնածուի Օգտին

Փայլան Կոչ Ուղղած Է Կիրակի Օր Քուէարկելու Ընդդիմադիր Թեկնածուի Օգտին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան թուիթըրեան իր էջով կոչ ուղղած է քուէարկելու ընդհանուր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էքրեմ Իմամօղլուին: «Պոլսոյ ընտրութիւններուն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան ընտրական ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան փոփոխութեան մասին խօսք չկայ: Կիրակի օր քուէս` Էքրեմ Իմամօղլուին: Եկէ՛ք քուէներու տարբերութիւնը հասցնենք ամէնէն քիչը 1 միլիոնի», գրած է ան: Նշենք, որ Պոլսոյ...

Աբրահամեան. «Կիրարկուած Են Պաշտպանողական  Եւ Հակայարձակողական Մարտերու  Վարման Նոր Տարբերակներ»

Աբրահամեան. «Կիրարկուած Են Պաշտպանողական Եւ Հակայարձակողական Մարտերու Վարման Նոր Տարբերակներ»

Արցախի Հանրապետութեան  նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան դիմատետրի  իր էջին վրայ վերջին օրերու լայնածաւալ ռազմափորձին մասին տեսանիւթ մը հրապարակած եւ այդ մասին հետեւեալը գրած է. «Բանակի հրաձգային, զրահապատային, հրթիռահրետանային, հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու եւ ճարտարապետական միջոցներու  ներգրաւումով ցերեկային եւ գիշերային պայմաններու մէջ տեղի ունեցած մարտական հրաձգութեան ընթացքին կիրարկուած են պաշտպանողական եւ հակայարձակողական մարտերու վարման նոր տարբերակներ»:

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց Սայտայի  Զբօսաշրջական Փառատօնին Մեկնարկը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց Սայտայի Զբօսաշրջական Փառատօնին Մեկնարկը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ մեկնարկը կատարեց Սայտայի զբօսաշրջական փառատօնին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի: Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ իր քաղաքին համար գործողը կրնայ զայն զետեղել երկրին զբօսաշրջական քարտէսին վրայ: «Կը հիմնուինք Սայտայի շուկայադրման համար ի գործ դրուած ռազմավարական ջանքերուն վրայ` ամբողջ Լիբանանը շուկայադրելու նպատակով», հաստատեց Ա. Կիտանեան: Ան շեշտեց, թէ ճիգ չի խնայուիր, որ ամէնօրեայ դրութեամբ աշխարհը մտածէ...

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք  Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

Երէկ` ուրբաթ, 21 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր շնորհիւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին «Պահպանե՛նք հայ մշակոյթը... Ապրի՛նք հայ մշակոյթով» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան: Հոն տեղադրուած տաղաւարներուն մէջ  մեր ազգային իւրայատկութիւններն ու աւանդութիւններուն մէկ մասը ներկայացուած էր հանրութեան` ձեռարուեստ, ճաշատեսակներ, գորգագործութիւն եւ այլն: Հետաքրքրականը այն էր, որ ներկաները նաեւ...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (4).   Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը`  Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (4). Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը` Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»-ի արուեստի էջի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան երէկ ծրագիրի մասնակիցներուն ներկայացուց արուեստը` լրագրութեան եւ մամուլին ընդմէջէն: Դոկտ. Հերկելեան ընդհանուր կերպով բացատրեց լրագրութեան տարբեր սեռերը եւ ապա կեդրոնացաւ հայ իրականութեան մէջ արուեստի մասին կատարուած հրատարակութիւններուն վրայ: Պատմական լայն անդրադարձէ եւ տարբեր երկիրներու մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները ներկայացնելէ ետք, դոկտ. Հերկելեան ընդգծեց,...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան: Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը: «Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Երիտասարդներու Երկօրեայ  Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Երիտասարդներու Երկօրեայ Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին սկսած ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներուն նստացոյցը 20 յունիսին շարունակուեցաւ եւ նոյն օրը երեկոյեան վերջ գտաւ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած իրենց զրոյցին ընթացքին նախաձեռնութեան անդամները ըսին, թէ գիշերը ամէն ինչ հանդարտ եղած է, մինչեւ ուշ երեկոյ երգած են: Առաւօտեան անոնք իրենց ցոյցը շարունակեցին նոյն ոգով` առանց նահանջի: Անոնք դիտել տուին, որ ուշի ուշով...

Աշխատանքային Քննարկում` ՀՅ Դաշնակցութեան  Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբերու  Գրասենեակին Աշխատանքներուն Վերաբերեալ

Աշխատանքային Քննարկում` ՀՅ Դաշնակցութեան Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբերու Գրասենեակին Աշխատանքներուն Վերաբերեալ

19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կից մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու ընդլայնուած կազմով հանդիպում` Գերագոյն մարմինին հետ: Ամփոփուած են նախորդ չորս ամիսներուն կատարուած աշխատանքները: Արձանագրուած է, որ յանձնախումբերը շարք մը ուղղութիւններով կատարած են պատկառելի աշխատանք, հանդէս եկած են երկրի շարք մը ոլորտներուն մէջ առկայ հարցերու լուծման վերաբերեալ ծանրակշիռ եւ փաստաթղթաւորուած առաջարկներով: Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ մատնանշած են...

Փորթանթինօ Ապրիլ 24-Ին Կլենտէյլի  Համալսարանը Փակ Պահելու Ծախսերը  Հոգալու Բանաձեւ Ներկայացուց

Փորթանթինօ Ապրիլ 24-Ին Կլենտէյլի Համալսարանը Փակ Պահելու Ծախսերը Հոգալու Բանաձեւ Ներկայացուց

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը չորեքշաբթի, 19 յունիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Փորթանթինօ Ծերակոյտին ներկայացուց բանաձեւ մը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով ապրիլ 24-ին Կլենտէյլի համայնքային համալսարանը փակ պահելու ծախսերը: Նշենք, որ ներկայ օրէնքներով, նահանգի իշխանութիւնները պիտի չվճարեն այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, եթէ համալսարանը փակ մնայ: Փորթանթինօ կը յայտնէե թէ համալսարանը պէտք...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՄԱԿ-ի  Սուրիական Հարցով Զբաղող Պատասխանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՄԱԿ-ի Սուրիական Հարցով Զբաղող Պատասխանատուն

Հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի սուրիական գրասենեակի փոխպատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի դարձեալ Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու դոկտ. Միշել Նսէյրը: Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը պատրաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել Սուրիոյ վերականգնումի հոլովոյթին: Յիշեալ...

Պուրճ Համուտի Ընդհանուր Մաքրութեան  Նախաձեռնութեան Արշաւին Ընդառաջ.  Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ  Մըքքաուի Եւ Մեթնի Գաւառապետ  Մարլեն Հատտատ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Պուրճ Համուտի Ընդհանուր Մաքրութեան Նախաձեռնութեան Արշաւին Ընդառաջ. Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի Եւ Մեթնի Գաւառապետ Մարլեն Հատտատ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած ընդհանուր մաքրութեան արշաւի ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի նահանգապետին, Մեթնի գաւառապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին միջեւ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին գծով շրջանի քաղաքապետութեան նախաձեռնած գործնական քայլերու արշաւին ընդառաջ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի եւ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ երէկ այցելեցին Պուրճ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Եւ Արցախ  Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի  Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել»

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Եւ Արցախ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել»

Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ վախցնել»: «Պատերազմը չէ աւարտած, որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ, իրավիճակի լարում ըլլալ: Ազրպէյճանը պարզապէս կ՛ուզէ կիրարկել նոյն գործիքը, որ երկար ժամանակ կիրարկած է` փորձել դուրս բերել հարցի լուծումը բանակցային հունէն», ըսած է Փաշինեան: Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստան բանակցային հոլովոյթին մէջ իր դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակէ 12...

Մնացականեան – Համանախագահներ  Հանդիպում.  Գնահատուած Է Խաղաղ  Հոլովոյթի Ներկայ Իրավիճակը

Մնացականեան – Համանախագահներ Հանդիպում. Գնահատուած Է Խաղաղ Հոլովոյթի Ներկայ Իրավիճակը

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք  Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, 18 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախապատրաստական այս հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները գնահատած...

Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի  Ապագայի Դիրքորոշումները

Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի Ապագայի Դիրքորոշումները

8 մայիս 2019-ին որդեգրուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ կազմաւորուելով սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ: 14 յունիսին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յանձնակատարի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի նախկին անդամ եւ քաղաքապետ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեան: «Ա1+» լրատուականը այս մասին զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի...

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Անդամներու Նստացոյց`  Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց` Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը: Նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ունին մէկ ու հիմնական պահանջ` քուէարկութեան ատեն դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին` հասկնալով անոր հետեւանքները, նաեւ այն, որ ատիկա ժողովուրդին մեծամասնութեան համար մեծ հարուած է: «Նստացոյցը պիտի շարունակենք մինչեւ քուէարկութիւն:...

Page 217 of 256 1 … 216 217 218 … 256