
8 մայիս 2019-ին որդեգրուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ կազմաւորուելով սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ: 14 յունիսին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յանձնակատարի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի նախկին անդամ եւ քաղաքապետ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեան:
«Ա1+» լրատուականը այս մասին զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:
«Պէտք է ըսեմ, որ բաւական դժուար պատասխանատուութիւն է` նախ հաշուի առնելով, որ ընդհանրապէս նոր կը ձեւաւորուին գրասենեակը եւ գործառոյթները» ըսած է Մանոյեան` անդրադառնալով յանձնակատարի նշանակման հարցին:
Անկախ անկէ, թէ ո՛վ կը նշանակուէր այդ պաշտօնին վրայ, ըստ Մանոյեանի, ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն ունեցող պաշտօն է, որովհետեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու կոչուած է այդ գրասենեակը:
Ան դիտել տուած է, որ Սինանեան միշտ մասնակցած է Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքներուն, բայց վերջին շրջանին ձեռնարկած է որոշ քայլերու, որոնք քիչ մը անհասկնալի եղած են: «Յատկապէս` վիրահայութեան կամ ջաւախահայութեան հարցերուն հետ կապուած» պարզաբանած է ան` բացատրելով, որ Սինանեան Վրաստանի մէջ ՀՅԴ-ի ղեկավարներուն դէմ խօսած է:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ Իրանի ու Ռուսիոյ հայ համայնքներուն համար արդեօք հարց կ’ըլլա՞յ Սինանեանի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը` Մանոյեան ըսած է, որ քաղաքացիութիւնը չի կանխորոշեր, այլ անոր գործերն ու աշխատանքները: Ըստ անոր, ամէն ինչ կախեալ է ապագային անոր դրսեւորելիք կեցուածքէն եւ տանելիք աշխատանքներէն:
Լրագրողը հարցուցած է, որ այդ նշանակումը ինչպէ՞ս կ՛ընկալուի ընդհանրապէս ՀՅԴ-ի կառոյցներուն կողմէ. Մանոյեան շեշտած է, որ կացութիւնը այնպէս չէ, որ «աշխարհի մեր բոլոր կառոյցներով քննարկած ենք Սինանեանի նշանակումը: Նշանակուած է, մէկը պէտք է նշանակուէր, ի վերջոյ: Անակնկալ չէր, որ ինքը պէտք է նշանակուի, որովհետեւ արդէն որոշ ժամանակ խօսակցութիւններ կ՛ըլլային»:
«Յոյսով ենք` իբրեւ բարձր յանձնակատար ան կ՛ըլլայ պետութեան ներկայացուցիչ, ոչ թէ այս կամ այն շրջանակի», եզրափակած է Կիրօ Մանոյեան:


