Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

Յունիս 22, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 21 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր շնորհիւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին «Պահպանե՛նք հայ մշակոյթը… Ապրի՛նք հայ մշակոյթով» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան: Հոն տեղադրուած տաղաւարներուն մէջ  մեր ազգային իւրայատկութիւններն ու աւանդութիւններուն մէկ մասը ներկայացուած էր հանրութեան` ձեռարուեստ, ճաշատեսակներ, գորգագործութիւն եւ այլն: Հետաքրքրականը այն էր, որ ներկաները նաեւ առիթ ունէին սորվելու հայկական ճաշերու պատրաստութիւնը, գորգի արուեստին ծանօթանալու գործնական աշխատանքով:

Յատկանշական էր, որ Տերսիմի, Քեղիի, Չորք Մարզպանի, Մարաշի, Մուշի կամ Սիսի  մէջ գոյութիւն ունեցած եւ գործած  նշանաւոր դպրոցներուն, անոնց հիմնադիրներուն, աշակերտութեան պատկերին մասին, ինչպէս նաեւ  Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով անոնց կրած դառն ճակատագիրին, փակուելու ընթացքին մասին մանրամասն եւ հետաքրքրական ձեւով պատրաստուած տեսերիզներ դրուած էին հանրութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոնք առիթ ունենան ծանօթանալու մեր հայրենի հարազատ հողին վրայ մեր պապերուն ունեցած կրթական նուաճումներուն:

Ժամը 8:00-ին ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Գէորգ Եագուպեան, որ անդրադարձաւ ժողովուրդին կեանքին ու յարատեւման մէջ անոր մշակոյթին եւ ինքնուրոյն դիմագիծին պահպանման ունեցած մեծ կարեւորութեան` աւելցնելով, որ մշակութային տարբեր բնագաւառներու ճամբով մարդ ո՛չ միայն իր ներաշխարհը կը դրսեւորէ, այլ նաեւ անոնք կը դառնան ազգի մը կենցաղը, հաւաքական իղձերը, պատմութեան մէկ կարեւոր բաժինը:  Յիշելով հայկական մշակութային կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած անձնաւորութիւններ` ան հաստատեց, թէ անոնց շնորհիւ է, որ ազգի քաղաքակրթական երթը հասաւ մինչեւ արդի ժամանակներ, անոնց ստեղծած մշակոյթն է, որ այսօր կը հանդիսանայ մեր պետականութեան ամուր ենթահողերէն մէկը:

Գ. Եագուպեան դիտել տուաւ, թէ այս գիտակցութեամբ  է, որ ԼԵՄ-ը  դիմած է հայկական մշակոյթին նուիրուած այս նախաձեռնութեան, որուն ճամբով կը միտի ժողովուրդին հրամցնել հայկական հարազատ  մշակոյթի էջերէն փունջ մը, նաեւ ներկայացնել Արեւմտահայաստանի կրթական- մշակութային իրագործումները` հաստատելու համար այն անհերքելի իրողութիւնը, որ հայը, հակառակ իր կրած մեծ կորուստներուն,  շարունակած  է կառուցել դպրոց, ստեղծել գիր ու մշակոյթ` յաճախ այս բոլորը գերադասելով իր հացին ու կենցաղային տարրական կարիքներուն: Խօսելով մերօրեայ իրականութեան մասին` ան ցաւ յայտնեց, որ այսօր կը տեսնենք հայկական դպրոցներէն ու միջավայրէն հեռու ապրող եւ հասակ նետող պատանիներ ու երիտասարդներ, ինչ որ նահանջ է մեր ազգային արժէքներուն կառչածութեան առումով, նաեւ կրնայ իր կործանարար հետեւանքները ունենալ մեր ազգի հաւաքական երթի առողջ ընթացքին վրայ: Ան նշեց, որ հայ մշակոյթէն ու գիր-գրականութենէն հրաժարիլ կը նշանակէ հրաժարիլ հայութենէն եւ մեր մեծ արժէքներէն` շեշտելով, որ մեր կարգին պէտք է զարգացնենք մեր մշակոյթը, եթէ կ՛ուզենք պաշտպանուիլ մեր ազգի գոյատեւման սպառնացող հաւաքական վտանգներէն, ձուլումէն ու օտարացումէն:

Անկէ ետք երեկոն ճոխացուց եւ ազգագրական երգերով հանդէս եկաւ Կարէն եւ Մուրատ Մշեցի զոյգը, որ խանդավառեց ներկաները եւ հայկական հարազատ մթնոլորտ ստեղծեց:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (4). Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը` Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?