Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Պիտի Հետապնդէ Հայաստան Հաստատուած Սփիւռքահայերուն Խնդիրները

Յունիս 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստանի մէջ հաստատուած հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, որ 20 յունիսին նախաձեռնած էր առաջին հանդիպումին` իրանահայերու հետ, որպէսզի տեղեկանայ անոնց խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն մասին:

Յանձնախումբի անդամ Սիմոն Գաֆալեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ յանձնախումբին կարեւոր առաքելութիւնը Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերուն հետ կապ հաստատելն ու անոնց անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն տրամադրելն է: Ան նշած է, որ ատիկա կրնայ ըլլալ ընկերային ցանցերու, յատկապէս դիմատետրի միջոցով, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ գործող գրասենեակին միջոցով:

«Հիմնական նպատակը այն է, որ ըստ կարելւոյն շատ թիւով սփիւռքահայեր հաստատուին Հայաստան, որովհետեւ այդպէս կը զարգանայ ու կը հզօրանայ մեր երկիրը», դիտել տուած է Գաֆալեան` աւելցնելով, որ իրենք այդ առաջին հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են յանձնախումբին հիմնական կատարելիքներն ու գործառոյթները:

Ան դիտել տուած է, որ իրենք ո՛չ միայն հարցեր պիտի բարձրացնեն ու տեղեկութիւններ տրամադրեն, այլ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերէն եւս կ՛ակնկալեն նախաձեռնող ըլլալ, ներկայացնել իրենց դիմագրաւած խնդիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց լուծում գտնելու աշխատանքին նախաձեռնել:

Ըստ Ս. Գաֆալեանին, յանձնախումբը ո՛չ միայն Դաշնակցութեան համակիր սփիւռքահայերուն պիտի օժանդակէ, այլ նաեւ սփիւռքի բոլոր ներկայացուցիչներուն:

Յանձնախումբի անդամներէն Վիգէն Հապոյեան «Երկիր»-ին ըսած է, թէ մարդոց օժանդակելու, անոնց հասկնալու համար նախ պէտք է պարզել, թէ անոնք ի՛նչ խնդիրներ  ու պահանջներ ունին:

«Առաջնահերթ են լեզուի` արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի խնդիրը, քաղաքացիութիւն ստանալու հարցերը: Կը փորձենք նաեւ աշխատանքի հարցերով զբաղիլ: Կրնանք ըսել, թէ կը հաւաքագրենք Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերու խնդիրները` վարորդական իրաւունքէն մինչեւ բնակարան ձեռք բերելու հարցերը, ու կը փորձենք  լուծումներ գտնել անոնց համար», ըսած է ան:

Հապոյեան վստահ է, որ երբ գրասենեակին աշխատանքներուն մասին տեղեկատուութիւնը տարածուի սփիւռքի մէջ, շատեր պիտի մտածեն հայրենիքի մէջ հաստատուելու մասին:

«Յանձախումբը կամուրջի դեր կը կատարէ, որպէսզի հետագային հայրենադարձութեան ալիքը բարձրանայ: Օրինակ` երբ սուրիահայերը եկան, մենք անպատրաստ էինք, ու եթէ այս յանձնախումբը այն ժամանակ կեանքի կոչուած ըլլար, վստահաբար, աւելի ճիշդ ձեւով պիտի կարենայինք ուղղորդել զանոնք: Յանձնախումբի կայքն ու դիմատետրի էջը կարելիութիւն կ՛ընձեռեն նաեւ տակաւին Հայաստան չհաստատուած, բայց ցանկութիւն ունեցող սփիւռքահայուն ստանալու զինք յուզող հարցումներուն պատասխանները», նշած է Վիգէն Հապոյեան:

Իրանահայերու հետ յանձնախումբին նախաձեռնած հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած իրանահայերու աջակցութեան յանձնախումբի անդամ Այիտա Յովհաննիսեան: Մասնագիտութեան բերումով (իրաւաբան) յաճախ անոր կը դիմեն` խորհուրդ ստանալու:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, թէ այս հարցերն ու խնդիրները կրնա՞յ ըլլալ սփիւռքի` այլեւս գոյութիւն չունեցող նախարարութեան թերի աշխատանքին հետեւանքն են, Այիտա Յովհաննիսեան արձագանգած է, որ նախարարութեան հայեցակարգին ու աշխատանքային ծրագիրին մէջ ներկայացուած այս բոլոր խնդիրները ամենայն մանրամասնութեամբ ներառուած չէին: «Ես չեմ ըսեր` թերացում, որովհետեւ չէ եղած հայեցակարգ, որ թերացում ըլլայ», նշած է ան:

Աւելցնենք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը յառաջիկային նման ձեւաչափով հանդիպումներու պիտի նախաձեռնէ լիբանանահայերու, սուրիահայերու եւ այլ գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ:

 

Նախորդը

Փայլան Կոչ Ուղղած Է Կիրակի Օր Քուէարկելու Ընդդիմադիր Թեկնածուի Օգտին

Յաջորդը

Ըստ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներուն. Եկամտահարկի Համահարթեցման Նախագիծը Ունի Կասկածելի Սկիզբ Ու Կասկածելի Հետեւանքներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?