Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան դիմատետրի իր էջին վրայ վերջին օրերու լայնածաւալ ռազմափորձին մասին տեսանիւթ մը հրապարակած եւ այդ մասին հետեւեալը գրած է. «Բանակի հրաձգային, զրահապատային, հրթիռահրետանային, հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու եւ ճարտարապետական միջոցներու ներգրաւումով ցերեկային եւ գիշերային պայմաններու մէջ տեղի ունեցած մարտական հրաձգութեան ընթացքին կիրարկուած են պաշտպանողական եւ հակայարձակողական մարտերու վարման նոր տարբերակներ»:



