Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւն. Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Թեկնածուն Դարձեալ Պարտութեան Մատնուեցաւ

June 24, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութիւնը: 31 մարտին տեղի ունեցած նախկին քուէարկութիւնը անցեալ ամիս չեղեալ նկատուեցաւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ:

Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին: Քաղաքի 39 շրջաններուն մէջ տեղադրուած էին 31,342 քուէատուփեր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն ըսաւ. «Պոլսոյ քուէարկողները քաղաքին համար ամէնէն ճշգրիտ որոշումը պիտի տան»:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ` «ամբողջ սրտով կը հաւատամ, թէ պոլսեցիները վստահաբար լաւագոյն ընտրութիւնը պիտի կատարեն»` աւելցնելով. «Որպէսզի Պոլիսը համաշխարհային քաղաքի մը վերածուի, ընտրութիւնները կարեւոր առիթներ են երկրին տարածքին մեր ձեռք բերած փորձառութիւնը կիրարկելու»:

Անոր մրցակիցը` ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու քուէարկեց Պոլսոյ Պէյլիքտուզու շրջանին մէջ, որուն նախկին քաղաքապետն էր: «Ամէն բան օրուան վերջաւորութեան լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Իմամօղլու նախկին քուէարկութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած էր ապահովելով քուէներուն 48,8 առ հարիւրը: Եըլտըրըմ ապահոված էր քուէներուն 48,55 առ հարիւրը:

Ըստ նախնական տուեալներուն, Իմամօղլու ապահոված է քուէներուն 53,72 առ հարիւրը, իսկ Եըլտըրըմ` 45,37 առ հարիւրը: Վերջինս ընդունեց իր պարտութիւնը` շնորհաւորելով իր մրցակիցը: Իմամօղլուի համակիրները անմիջապէս սկսան տօնել անոր յաղթանակը:

Նշենք, որ ընտրութիւնը կը նկատուէր Էրտողանի ժողովրդականութեան շուրջ հանրաքուէ մը:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Այսօր Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատէ Իրանի Դէմ

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Յօրինող Ստեփան Շաքարեանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.