Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց` Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

Յունիս 20, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը:

Նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ունին մէկ ու հիմնական պահանջ` քուէարկութեան ատեն դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին` հասկնալով անոր հետեւանքները, նաեւ այն, որ ատիկա ժողովուրդին մեծամասնութեան համար մեծ հարուած է:

«Նստացոյցը պիտի շարունակենք մինչեւ քուէարկութիւն: Բոլոր փաստարկները, տեսակէտները ներկայացուած են բոլոր կարելի եղանակներով, կը մնայ, որ պատգամաւորները, որ կողմ պիտի քուէարկեն այս նախագիծին, հասկնան այս բոլորին հետեւանքները: Անոնք կը ներկայացնեն ամբողջ ժողովուրդը, այլ ոչ թէ միայն մէկ շերտը: Հիմա հասկցանք, որ այդ փորձը ձախողեցաւ: Եթէ պատգամաւորներէն ոեւէ մէկը կը միանայ, նոյնը անոնց կ՛ըսենք: Մեր բոլոր գործողութիւնները կախուած են միւս կողմի գործողութիւններէն», ըսած է ան` նշելով, որ, յոյս ունին` պատգամաւորները խելամիտ կը գտնուին:

Վարդանեան նաեւ կոչ ուղղած է այս հարցով մտահոգներուն, կազմակերպութիւններուն, որ գործնական քայլերու դիմեն, որովհետեւ հիմա իսկական տեղն ու ժամանակն է պայքարելու եւ թոյլ չտալու, որ Հայաստան ընթանայ սխալ ուղիով: «Կոչ կ՛ուղղենք գալու այստեղ եւ այնպէս ընելու, որ օրէնքի նախագիծը օրէնքի ուժ չստանայ», շեշտած է Քրիստինէ Վարդանեան:

Նշենք, որ նշեալ ցոյցը տեւած է մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսահայ Երեսփոխանը Արցախի Եւ Ֆրանսայի Քաղաքներուն Միջեւ Կնքուած Բարեկամական Հռչակագիրներու Ջնջման Վերաբերեալ Բացատրութիւն Պիտի Պահանջէ Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարէն

Յաջորդը

Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի Ապագայի Դիրքորոշումները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?