Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր Քամփ Տէյվիտ մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց. «Պիտի մեկնիմ Քամփ Տէյվիտ` Իրանի շուրջ խորհրդակցելու համար»: Ան աւելցուց, որ զինուորական քայլը տակաւին սեղանի վրայ է:
Ան ըսաւ, թէ կ՛ուզէ «հակառակորդին հոյակապ բաներ կատարել` երկար ժամանակէ ի վեր»: «Իրան կ՛ուզէ անգամ մը եւս հարուստ երկիր մը ըլլալ: Իրանը անգամ մը եւս մեծ դարձնենք»:
«Կ՛ուղղուինք դէպի Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատում` արգելք հանդիսանալու համար, որ հիւլէական զէնք ձեռք ձգէ», ըսաւ ան:
Թրամփ շաբաթ օր «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց, թէ այսօր Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ` նշելով, որ պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը իր արդիւնքը կու տայ:
Լաւատեղեակ անձեր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թրամփ հրաման տուած է Իրանի դէմ ելեկտրոնային յարձակումի մը, որ խափանած է հրթիռներու արձակման եւ թիրախահար հրթիռներու կառավարման համար օգտագործուող իրանեան համակարգիչները:
Նշենք, որ հինգշաբթի օր ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի Իրանի կողմէ վար առնուելէն ետք ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ուղղուած են Միջին Արեւելք: Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն շաբաթ օր ուղղուած է Իսրայէլ, իսկ Իրանի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Պրայըն Քուք ուրբաթ օր մեկնած է Սէուտական Արաբիա, ուրկէ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ կոչ ուղղեց միանալու Իրանի դէմ Ուաշինկթընի «ամէնէն ծայրայեղ ճնշումի» արշաւին:
Պոլթըն յայտնեց, որ «Իրան կը շարունակէ շրջանի կայունութիւնը քայքայելու աշխատանքը»` նշելով. «Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին, եւ ան պիտի չկարենայ հիւլէական զէնք ձեռք ձգել»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Երուսաղէմի մէջ Պոլթընի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կ՛ողջունենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ Իրանի վրայ ճնշումը պիտի շարունակուի եւ աճի»:
«Իրան հիւլէական համաձայնագիրէն ետք հոսած միլիառաւոր տոլարները կ՛օգտագործէ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներուն դէմ յարձակում գործելու», ըսաւ Նեթանիահու:
Մինչ այդ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, որ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի իրանեան օդային տարածք մուտք գործելը «շրջանին մէջ նոր լարուածութեան մը սկիզբն է»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է պատշաճ կերպով հակադարձէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի իրանեան օդային տարածքին դէմ ոտնձգութիւն կատարելու քայլին», նշեց Իրանի նախագահը:
«Շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխաւորումը միջազգային պատասխանատուութիւն մըն է, եւ ամերիկեան միջամտութիւնը (շրջանի) խնդիրներուն հիմն է», ըսաւ ան:
«Միացեալ Նահանգներ օրինականացուցին մեր ժողովուրդին դէմ տնտեսական ահաբեկչութիւնը եւ հաստատեցին պատժամիջոցներ, որոնք կը ներառեն դեղորայքն ու սննդեղէնը», նշեց Իրանի նախագահը:



