Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (4). Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը` Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

June 22, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»-ի արուեստի էջի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան երէկ ծրագիրի մասնակիցներուն ներկայացուց արուեստը` լրագրութեան եւ մամուլին ընդմէջէն:

Դոկտ. Հերկելեան ընդհանուր կերպով բացատրեց լրագրութեան տարբեր սեռերը եւ ապա կեդրոնացաւ հայ իրականութեան մէջ արուեստի մասին կատարուած հրատարակութիւններուն վրայ:

Պատմական լայն անդրադարձէ եւ տարբեր երկիրներու մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները ներկայացնելէ ետք, դոկտ. Հերկելեան ընդգծեց, որ լրագրութիւնը ինքնին արուեստ մըն է` ընդգծելով դասական լրագրութենէն եւ թղթակցութիւններու ոճէն դուրս գալու եւ գեղարուեստական ոճով նիւթ մը, լուր մը կամ ձեռնարկ մը ներկայացնելու կարեւորութիւնը:

«Դասական ոճեր որդեգրելէ հեռանալով պէտք է փորձել ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւել ստեղծագործ գրութեամբ», ըսաւ ան:

Դոկտ. Հերկելեան հաստատեց, որ ազգը մշակոյթ է` ընդգծելով մշակոյթին կարեւորութիւնը հայ ազգի գոյատեւման եւ անոր հայկական դիմագիծի պահպանումին մէջ:

«Արուեստի մասին լրագրութիւնը կ՛ենթադրէ, որ լրագրողը ինքը արուեստագէտ ըլլայ եւ գեղեցիկ գրութեամբ կարենայ ներկայացնել արուեստի որեւէ ոլորտ կամ գործ, ըլլայ ան թատրոն, համերգ, քանդակ, գեղանկար, թէ այլ», շեշտեց ան:

Դոկտ. Հերկելեան թելադրեց անաչառ կերպով գործել լրագրութեան ասպարէզին մէջ` ընդգծելով գիտութեան եւ ուսման մնայուն հետեւորդները ըլլալու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Պղատոնն Ու Ճշմարտութիւնը Կարելի Է Սիրել Հաւասարապէս (Այս Պարագային)

Յաջորդը

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.