Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը չորեքշաբթի, 19 յունիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Փորթանթինօ Ծերակոյտին ներկայացուց բանաձեւ մը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով ապրիլ 24-ին Կլենտէյլի համայնքային համալսարանը փակ պահելու ծախսերը:
Նշենք, որ ներկայ օրէնքներով, նահանգի իշխանութիւնները պիտի չվճարեն այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, եթէ համալսարանը փակ մնայ:
Փորթանթինօ կը յայտնէե թէ համալսարանը պէտք չէ նիւթական վնաս կրէ ապրիլ 24-ին իր դռները փակելու որոշումին համար, որուն նպատակն է յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, բան մը, որ յոյժ կարեւոր է համայնքին ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար:
Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Փիրումեան դրուատեց Փորթանթինոյի այս քայլը` աւելցնելով, որ ինչ ալ ըլլայ պարագան, համալսարանը փակ պիտի մնայ ապրիլ 24-ին` յիշելու համար Ցեղասպանութեան զոհերը: