Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած ընդհանուր մաքրութեան արշաւի ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի նահանգապետին, Մեթնի գաւառապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին միջեւ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին գծով շրջանի քաղաքապետութեան նախաձեռնած գործնական քայլերու արշաւին ընդառաջ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի եւ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ երէկ այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր զանոնք դիմաւորեցին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, նախկին նախարար Շահէ Պարսումեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ:
Իր ողջոյնի խօսքով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն` թուելով Պուրճ Համուտի ընդհանուր մաքրութեան իրագործման ծիրին մէջ քաղաքապետութեան ձեռնարկած այս նորագոյն նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները: Այս նախաձեռնութիւնը հիմնականին մէջ կը նախատեսուի գործադրել երեք փուլերով: Քաղաքապետ Պօղոսեան նաեւ նշեց Պուրճ Համուտի դիմակալած մաքրութեան, աղբակոյտերու, կենսոլորտային թէ ջրաբաշխումի դժուարութիւններն ու անոնց յարուցած մարտահրաւէրները: «Ձեր այցելութիւնը ողջունելով` անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, որովհետեւ միշտ աջակից ու նեցուկ եղած էք շրջանին ու բնակչութեան ծառայող մեր նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Պօղոսեան եւ աւելցուց. «Այսօրուան ձեր այցելութեան նպատակն է հետեւիլ մեր նորագոյն արշաւին` փողոցներէն վերցնելու անկանոն ելեկտրական թելերը եւ տանիքները մաքրելու հեռատեսիլի անթեններէն ու աղբէն»: «Ասիկա շատ կարեւոր հարց է, որովհետեւ ասոնք վտանգաւոր են մանաւանդ փոթորիկներու ատեն. իսկ աղբերը կը սպառնան կենսոլորտին, մաքրութեան եւ ընդհանուր առողջութեան: Ապագային կը ծրագրենք նաեւ տարբեր գոյներով ներկել շէնքերուն տանիքները», ընդգծեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:
Խորքին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութիւնը օրուան ծնունդը չէ: Անիկա արգասիքն է շրջանին գծով երկարատեւ, հետեւողական ու նախանձախնդիր բարեզարդման ծրագրաւորեալ ճիգերուն: Քաղաքապետ Պօղոսեան այս առնչութեամբ ըսաւ. «Ասիկա մէկն է այն նախաձեռնութիւններէն, որոնց դիմած ենք շրջանը բարելաւելու եւ բարեզարդարելու նպատակով: Ընթացքի մէջ են ճամբաները, հրապարակներն ու շէնքերը բարեզարդելու աշխատանքները»:
«Տասնամեակներէ ի վեր պէտք եղած խնամքը չէ տարուած շրջանին, նոյնիսկ շէնքերու տէրերը արագ շահ հետապնդելով հոգ չեն տարած իրենց կալուածներուն», ընդգծեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան:
Շրջանի հրատապ հարցերէն` կենսոլորտային դժուարութիւններուն ակնարկելով Պօղոսեան յայտնեց, թէ կենսոլորտը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի քաղաքապետութեան համար:
«Այժմ թափօններու թաղման վայրին թղթածրարը գոցուած է. թափօններու թաղման աշխատանքը աւարտած է նախանցեալ փետրուարին, եւ նոյն ատեն վերացուած է աղբերու լեռը: Այսօր մենք կ՛աշխատինք ապականած ջուրի թղթածրարին վրայ, եւ պիտի կառուցուի կոյաջուրերու զտարան մը, որ վերջ պիտի դնէ մեր ծովափին ու ծովուն ապականումին», աւելցուց Պօղոսեան` աւետելով, որ մինչեւ երկու տարի բանող զտարան կ՛ունենանք:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն, ապա ասիկա բազմակողմանի հարց է», շեշտեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը եւ աւելցուց. «Նախ եւ առաջ, ասիկա մարդկային հարց է, եւ բարոյապէս անկարելի է մեզի համար ականատես ըլլալ այսպիսի ողբերգութեան եւ ձեռնածալ մնալ ու օգնութիւն չտրամադրել», դիտել տուաւ Պօղոսեան` նշելով, որ սուրիական տագնապէս ութ տարի անց, եւ գաղթականներու թիւի յաւելումով, աւելցան նաեւ ընկերային, տնտեսական, ապահովական եւ այլ հարցերը: Պօղոսեան այս գծով անհրաժեշտ նկատեց արդար, մարդկային եւ մարդոց արժանապատուութիւնը պահպանող լուծման յանգիլը` միաժամանակ ընդգծելով, որ այդ լուծումը պէտք է պահպանէ նաեւ երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերը»:
Իր կարգին, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար` բարձր գնահատելով քաղաքապետութեան ճիգերը շրջանի բարեզարդման ու մաքրութեան գծով` վերահաստատելով իր օժանդակութեան ու զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը:
Ապա բոլորը միասնաբար շրջեցան Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերը, յատկապէս հոն, ուր շէնքերու տանիքներուն վրայ անկանոն ու խճողուած կերպով կուտակուած են անթեններու ձողերը: Կարգ մը տեղեր նահանգապետ Մըքքաուի անձամբ բարձրանալով սանդուխին` սղոցով հատեց ու անջատեց անթեններու անկանոն ձողերը: Այս առիթով Մըքքաուի օրինակելի իրագործում որակեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը` մաղթելով, որ այս առնչութեամբ ծրագրուած քայլերը եւս իրականանան շուտով: Ան թելադրեց չթերագնահատել շրջանի կենսոլորտին ու բնակչութեան առողջութեան, յատկապէս` տեսողութեան սպառնացող վտանգներն ու մետաղեայ ձողերու եւ թելերու պատճառով յառաջանալիք հաւանական փորձանքները: Նահանգապետ Մըքքաուի դիտել տուաւ, թէ ճիշդ է, որ կարգ մը ծրագիրներ կը կարօտին մեծագումար պիւտճէի, սակայն կան նաեւ աշխատանքներ, որոնք պարզապէս կը կարօտին մտայղացումի եւ զայն կիրարկող կամքի: Նահանգապետ Մըքքաուի ընդգծեց, որ այս քայլերը կը շրջանցեն «պիւտճէի չգոյութեան» պատրուակները եւ կը դրսեւորեն կամքի ու յարատեւ ճիգի յանձնառութիւն:
Նոյն ծիրին մէջ, պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումներուն, թէ՛ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի եւ թէ՛ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ իրենց գոհունակութիւնը արտայայտեցին` դրուատելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան օրինակելի ճիգերը:
Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յաւուր պատշաճի յուշանուէրներ յանձնեց նահանգապետ Մըքքաուիին եւ գաւառապետ Հատտատին: