Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներուն. Եկամտահարկի Համահարթեցման Նախագիծը Ունի Կասկածելի Սկիզբ Ու Կասկածելի Հետեւանքներ

Յունիս 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները 21 յունիսին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան իրենց երկօրեայ նստացոյցին:

Նախաձեռնութեան անդամ Արգիշտի ԳԷորգեան նախ անդրադարձաւ նախաձեռնութեան` նշելով, որ անիկա ստեղծուած է Հարկային օրէնսգիրքի եկամտային հարկի համահարթ սկզբունքին դէմ:

«Ուսումնասիրած ենք շարք մը երկիրներու բնորդներ ու հասած այն  համոզումին, որ ասիկա կրնայ բերել հասարակութեան բեւեռացուածութեան, եկամուտներու ոչ արդար բաշխման: Կազմակերպած ենք քանի մը ցոյցեր, նամակներ յանձնած պատգամաւորներուն, հանդիպումներ ունեցած Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու հետ: Վերջինը երկօրեայ նստացոյցն էր, ու հիմա կը սպասենք Ազգային ժողովին մէջ  օրէնսդրական ծրարի քննարկումներուն` հասկնալու համար, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:

«Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուաւ, որ իրենց միակ պահանջը զարգացող արդար համակարգ ունենալն է, իսկ համահարթ սկզբունքը ամբողջովին կը հակասէ այդ դրոյթին, որուն համար իրենք կը պայքարին:

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող, տնտեսագէտ Թադեւոս Աւետիսեան ըսաւ, թէ ներկայացուած նախագիծը դժուար է իբրեւ հարկային բարեփոխում ներկայացնել, ատիկա ունի կասկածելի սկիզբ ու կասկածելի հետեւանքներ:

Ըստ անոր, իրենց կատարած հաշուարկներով` նախագիծը երկար կեանք պիտի չունենայ ու անխուսափելի պիտի ըլլայ վերադարձը յառաջատուական հարկումին:

«Այս փոփոխութիւնը դրականօրէն չ՛ազդեր մինչեւ 150.000 դրամ աշխատավարձով աշխատողներուն վրայ, որոնք աշխատողներու 71 առ հարիւրն են (435.000 աշխատողներ), չ՛ազդեր նաեւ աշխատողներու 25 առ հարիւրը (142.000 մարդ) կազմող աղքատներուն վրայ», ըսաւ Աւետիսեան:

Լրագրողները նախաձեռնութեան անդամներուն հարցուցին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իրենց կեցուածքը, եթէ ընդունուի օրինագիծը: Քրիստինէ Վարդանեան նշեց, որ մինչեւ վերջ պիտի փորձեն պայքարիլ բոլոր միջոցներով ու ամէն ինչ պիտի ընեն, որ այդ դրոյթը չընդունուի: «Յստակ քայլերը կախեալ պիտի ըլլան անկէ, թէ միւս կողմը ի՛նչ պիտի ընէ, ինչպէ՛ս պիտի արձագանգէ: Մեր քայլերը պիտի ըլլան անոնց քայլերուն արձագանգը», ամփոփեց ան:

Նախաձեռնութեան անդամները վստահ են, որ եկամտահարկի համահարթեցման այս օրէնքով իշխանութիւններուն համար դժուար պիտի ըլլայ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնել, այս օրէնքով կարելի չէ հասնիլ ընկերային արդարութեան:

«Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը, քանի որ վստահ ենք, որ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացումը կարելի կ՛ըլլայ հարկման յառաջատուական եղանակով: Պիտի պայքարինք այնքան, մինչեւ որ գործէ արդար ու տրամաբանական յառաջատուական եղանակը», եզրափակեց նախաձեռնութեան անդամ Արգիշտի Գէորգեան:

Նախորդը

Հայրենադարձներու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը Պիտի Հետապնդէ Հայաստան Հաստատուած Սփիւռքահայերուն Խնդիրները

Յաջորդը

Ալիեւ Փոփոխութիւններ Կատարած Է Ուժային Կառոյցներուն Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?