Newsletter

Աննա Նաղդալեան. «Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Մօտեցումը Ապակառուցողական Է,  Որ Կ՛արժեզրկէ Խաղաղ Հոլովոյթին Լրջութիւնը»

Աննա Նաղդալեան. «Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Մօտեցումը Ապակառուցողական Է, Որ Կ՛արժեզրկէ Խաղաղ Հոլովոյթին Լրջութիւնը»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի վերջին յայտարարութիւնը` Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն վերաբերեալ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Աննա Նաղդալեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան. նման մօտեցում ապակառուցողական է, որ կ՛արժեզրկէ խաղաղ հոլովոյթին լրջութիւնը: «Ինչպէս նշած էինք դեռ Ուաշինկթընի հանդիպումէն առաջ, այդ ընթացքին քննարկուած են վերջին շրջանին ազրպէյճանական...

Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է  ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Գերագոյն Յանձնակատարին Հետ

Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Գերագոյն Յանձնակատարին Հետ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 24 յունիսին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու Գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչելեթին հետ: Կողմերը գոհունակութեամբ ընդգծած են Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեակին միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը, ուղենշած են զայն աւելի ընդարձակելու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը: Զրուցակիցները նշած են, որ մարդու իրաւունքները համընդհանուր են, եւ անոնց պաշտպանութեան շուրջ համագործակցութիւնը եւս պէտք է համընդհանուր...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցին Հանդիսաւոր Բացումը

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցին Հանդիսաւոր Բացումը

Երէկ` երեքշաբթի, 25 յունիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ  «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած Ամառնային դպրոցի 2019 տարեշրջանին հանդիսաւոր բացումը: Հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քրիստին Սարգիսեան: Ան ըսաւ, թէ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութիւնը արժեւորող եւ իմաստաւորող իր բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու կողքին մեծ տեղ կը գրաւեն ընկերային բարգաւաճման...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ  Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրինագիծը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անուար Խալիլ, Հանի Քպայսի եւ Իպրահիմ Ազար: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ պատիւը ունին ընդունելու Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները, որոնք ներկայացուցած են ընտրական նոր օրինագիծը: Յ. Բագրատունի աւելցուց,...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ`  Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ` Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ ողջունելով ներկաները, վարչապետը մասնաւորապէս ըսած է, թէ վերջին փուլին Հայաստանի անվտանգային միջավայրը լիցքաթափուելու փոխարէն, աւելի լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է արդէն: Բայց եւ այնպէս վարչապետը դիտել տուած է, որ պէտք է տալ այնպիսի որոշումներ...

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում  Ունեցած Է Կարմիր Խաչի  Միջազգային Կոմիտէի Նախագահին Հետ

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպում Ունեցած Է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Նախագահին Հետ

24 յունիսին Ժընեւ կատարած աշխատանքային այցելութեան  ծիրին մէջ  տեղի ունեցաւ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) նախագահ Փեթըր Մաուրերի հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգային հարցերուն: Կողմերը արժեւորեցին Հայաստանի զանազան նախարարութիւններուն հետ ոլորտային համագործակցութիւնը, այդ կարգին` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման եւ դատաիրաւական համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումները: Նախարար...

Սելինա Տողան. «Շնորհակալութի՛ւն Իմամօղլուին`  Պոլսոյ Մէջ Բազմակարծութիւնը Եւ Բոլորին  Ինքնութիւնը Կարեւոր Նկատելուն Համար»

Սելինա Տողան. «Շնորհակալութի՛ւն Իմամօղլուին` Պոլսոյ Մէջ Բազմակարծութիւնը Եւ Բոլորին Ինքնութիւնը Կարեւոր Նկատելուն Համար»

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի նախկին երեսփոխան, ընդդիմադիր գործիչ, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Սելինա Տողան «Թուիթըր»-ի իր էջով անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն: Ան մէջբերած է Պոլսոյ քաղաքապետ ընտրուած ընդդիմութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի յետընտրական առաջին ելոյթի խօսքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած վերջինիս: Տողան գրած է. «էքրեմ Իմամօղլու կ՛ըսէ. «Այս քաղաքին մէջ փոքրամասնութիւններ չկան: Այս քաղաքին մէջ մենք մեր գիրկը պիտի...

Վենետիկի Յանձնաժողովը Անդրադարձած Է  Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին Հետ  Կապուած Վերջին Զարգացումներուն

Վենետիկի Յանձնաժողովը Անդրադարձած Է Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանին Հետ Կապուած Վերջին Զարգացումներուն

Վենետիկի յանձնաժողովը լիագումար նիստի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վերաբերող վերջին զարգացումներուն եւ Սահմանադրական դատարանի գործող անդամներուն վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւններուն: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացաւ նիստի արձանագրութենէն: «Յանձնաժողովը տեղեկացած է Հայաստանի մէջ Սահմանադրական դատարանին շուրջ վերջին զարգացումներուն, ներառեալ Սահմանադրական դատարանի անդամներուն վերաբերեալ հանրային յայտարարութիւնները: Յանձնաժողովը խնդրած է նախագահէն  իրավիճակին հետեւիլ մօտէն` անհրաժեշտութեան պարագային յայտարարութիւն կատարելու համար: Հայաստանի դատական օրէնսգիրքին վերաբերեալ...

Մամետեարով. «Ուաշինկթընի Մէջ  Համանախագահները Առաջարկեցին Դուրս Բերել  Զօրքերը Եւ Խաղաղապահներ Տեղակայել»

Մամետեարով. «Ուաշինկթընի Մէջ Համանախագահները Առաջարկեցին Դուրս Բերել Զօրքերը Եւ Խաղաղապահներ Տեղակայել»

Պաքու կը սպասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նոր հանդիպման ժամկէտներուն վերաբերեալ առաջարկին: «Մոսկուա-Պաքու» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով: «Ես Նոսթրատամուսը չեմ, որ ըսեմ, թէ ե՛րբ պիտի ըլլայ նոր հանդիպումը: Որքան շուտ, այնքան լաւ», նշած է ան: Խօսելով վերջին հանդիպումին մասին` Մամետեարով ըսած է. «Այդ...

«Այս Քաղաքին Մէջ Պիտի Յարգենք Հայերը  Եւ Մնացեալ Բոլոր Ազգութիւններուն  Ներկայացուցիչները»  Կ՛ըսէ Իմամօղլու

«Այս Քաղաքին Մէջ Պիտի Յարգենք Հայերը Եւ Մնացեալ Բոլոր Ազգութիւններուն Ներկայացուցիչները» Կ՛ըսէ Իմամօղլու

Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքին` Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրած Էքրեմ Իմամօղլու, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածուն էր, խոստացած է յարգանքով վերաբերիլ այնտեղ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին` հայերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթետուվար» կայքը: «Այս քաղաքին մէջ մենք պիտի ընդունինք եւ յարգանքով պիտի վերաբերինք հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն, հրեաներուն եւ մնացեալ բոլոր ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն: Մենք ժողովրդավարութիւն պիտի կառուցենք եւ այս...

Ամերիկեան Կրօնական Յանձնախումբը Թուրքիոյ  Կոչ Ուղղած Է` Չմիջամտելու Պոլսոյ  Հայոց Պատրիարքարանի Ներքին Գործերուն

Ամերիկեան Կրօնական Յանձնախումբը Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է` Չմիջամտելու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ներքին Գործերուն

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կից խորհրդատուական մարմին նկատուող «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութիւններու յանձնախումբը» 2019-ի իր զեկուցումին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն եւ երկիրը ներառած է «մտահոգող երկիրներու» ցուցակին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ըստ զեկուցումին, 2018-ին Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւնները «կը շարունակեն խոր մտահոգութիւններ յառաջացնել, եւ մօտակայ տարիներուն լուրջ մտահոգութիւններ կան, որ պայմանները աւելի պիտի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Երկուշաբթի, 24 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին տեղեակ պահեց Համազգայինի աշխատանքներուն մասին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս պարզելով Համազգայինի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի գործունէութեան նկատմամբ` յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է անոր...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի  Վարչականները «Էմ. Թի. Վի.»  Պատկերասփիւռի Կայանի Հիւրերն Էին

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Վարչականները «Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի Հիւրերն Էին

Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը» ստեղծագործութեան տեսահոլովակը առաջին անգամ ըլլալով սփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն, որմէ ետք տեղադրուեցաւ համացանցի վրայ: Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու  շարքին, գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը իրականացուց Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի վարչութիւնը` պատրաստելով տեսահոլովակ մը` Կոմիտասի «Իմ չինարի եարը»  ստեղծագործութեան նորովի մատուցումով, որուն կապակցութեամբ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 24 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:50-ին, ուղիղ եթերով սփռուած...

Ակնարկ.  Նախարարը, Խորհրդականը, Տնօրէնը,  Հաղորդավարն Ու Թրամփի Որոշումը  (Ամերիկեան Պատումն  Ու Քաղաքական Իրականութիւնը)

Ակնարկ. Նախարարը, Խորհրդականը, Տնօրէնը, Հաղորդավարն Ու Թրամփի Որոշումը (Ամերիկեան Պատումն Ու Քաղաքական Իրականութիւնը)

Միացեալ Նահանգներ - Իրան պատերազմի բռնկման նախաշէմային իրավիճակը շրջելու որոշումը, ամերիկեան եւ ընդհանրապէս համաշխարհային մամուլին հաղորդած լրատուութիւններով բացառապէս կը վերագրուի նախագահ Թրամփի անձնական որոշումին: Իրանեան հակաօդային ուժերու կողմէ ամերիկեան անօդաչու սարքին չէզոքացումը հակահարուածի ենթահողի պատրաստութեան առիթ տուած էր: Աւելի՛ն. հաղորդուած էր հետագային, թէ ռմբաձիգները բարձրացած էին արդէն հարուածելու իրանեան յենակէտեր, սակայն մետասաներորդ պահուն Միացեալ Նահանգներու նախագահը վիժեցուցած էր գործողութիւնը: Այս...

Վրաստանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին.  «Ռուսթաւի 2»-ի Ղեկավարը Յայտնած Է, Որ  Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն  Ներխուժել Պատկերասփիւռի Կայան

Վրաստանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին. «Ռուսթաւի 2»-ի Ղեկավարը Յայտնած Է, Որ Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն Ներխուժել Պատկերասփիւռի Կայան

Վրաստանի իշխանութիւնները կրնան հրաման արձակել ներխուժելու  ընդդիմադիր «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայան, յայտարարած է կայանի տնօրէն Նիքա Գվարամիան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Երկու աղբիւրներէ տեղեկացած ենք, որ բռնի ուժով պիտի ներխուժեն մեր կայանը», ըսած է Գվարամիան` աւելցնելով, որ եթէ  նման բան ըլլայ, ապա ատիկա պիտի հասցնէ երկրին մէջ ժողովուրդի  անկառավարելի յուզումներու: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ...

Արցախ.  Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ Մասնակցած Է  Համահայկական 7-րդ Խաղերու  Ջահը Վառելու Արարողութեան

Արցախ. Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ Մասնակցած Է Համահայկական 7-րդ Խաղերու Ջահը Վառելու Արարողութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 22 յունիսին Տիգրանակերտի մէջ մասնակցած է Համահայկական 7-րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 օգոստոսին` Ստեփանակերտի մէջ:

Տօնոյեանն Ու Սինանեանը Քննարկած Են  Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Հայութեան  Ջանքերու Համախմբման Նախագիծեր

Տօնոյեանն Ու Սինանեանը Քննարկած Են Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Հայութեան Ջանքերու Համախմբման Նախագիծեր

22 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, կը տեղեկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան մարզերուն մէջ համայն հայութեան ջանքերու  համախմբման ուղղուած շարք մը ծրագրային նախագիծեր: Կարեւոր նկատուած է գիտութեան եւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման, ռազմական բժշկութեան, ընկերային ապահովութեան եւ այլ մարզերու մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի...

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները  Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը  Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

Պըրրի. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Սուտ Վկաներ Կամ 30 Արծաթ Դրամով Պաղեստինը Վաճառելու Գործընկերներ Չեն Կրնար Ըլլալ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պատասխանեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ժարետ Քուշների կողմէ «Դարու գործարք»-ին առաջին փուլին մասին կատարած յայտարարութեան: Պըրրի իր յայտարարութիւնը սկսաւ հետեւեալ կերպով. «Սպասելով լիբանանեան պաշտօնական եւ միացեալ կեցուածքի մը` «Դարու գործարք»-ի կնքահայր Քուշների յայտարարութեան մասին, որ կը ներառէ 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ կատարել արաբական երկիրներու մէջ, որոնց շարքին` նաեւ Լիբանանի, եւ որպէսզի լիբանանեան պաշտօնական...

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ  Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Վարչապետ Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Սուր Բանավէճ` Թուիթըրեան Գրառումներու Ընդմէջէն

Հակառակ անոր որ ելեւմտական եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը բազմապատկած է իր աշխատանքները եւ խորհրդարանը կը պատրաստուի օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի սկսի չորեքշաբթի, 26 յունիս 2019-ին, սակայն երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները կը յամենան եւ մերթ ընդ մերթ կը դրսեւորուին: Այդ տարակարծութիւններուն շարքին էր երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տեւած սուր բանավէճը, որ թուիթըրեան գրառումներու ընդմէջէն դրսեւորուեցաւ...

Նախարար Կիտանեան Հանրապետութեան  Նախագահի Ներկայացուցիչ` Տըպպայէի Մէջ  Տեղի Ունեցած Երգի Միջազգային Փառատօնին

Նախարար Կիտանեան Հանրապետութեան Նախագահի Ներկայացուցիչ` Տըպպայէի Մէջ Տեղի Ունեցած Երգի Միջազգային Փառատօնին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը ներկայացուց Տըպպայէի մէջ կազմակերպուած երգի միջազգային փառատօնին: «Համտեսէ երաժշտութիւնը» խորագիրը կրող փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան եւ համաշխարհային խումբեր, որոնք 7 ժամուան ընթացքին ներկայացուցին արաբական եւ համաշխարհային երաժշտական ելոյթներ: Տարբեր երկիրներէ ներկայ գտնուող աւելի քան երկու հազար հանդիսատեսներ վայելեցին Տըպպայէի փառատօնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան...

Page 216 of 256 1 … 215 216 217 … 256