Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

June 21, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ:

Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը:

«Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած են, համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու խաղաղութեան նպաստող եւ առարկայական բանակցութիւններ ունենալու մթնոլորտը վերականգնելու ուղղութեամբ: Կողմերուն կոչ ուղղուած է վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը` խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ զերծ մնալու որեւէ սադրիչ գործողութենէ` այդ կարգին  արձակազէններէ եւ շփման գիծին ու միջազգային սահմանին տարուող ճարտարապետական աշխատանքներէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Մնացականեանն Ու Պոլթընը Հանդիպում Ունեցած Են

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:

«Գոհ եմ Պոլթընի հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ դրական, ծաւալուն եւ հետաքրքրական  քննարկումէն: Քննարկած ենք Հայաստանի եւ շրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ  Հայաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը: Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, կարեւոր դեր ունի` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միասին», նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը իր թուիթըրեան էջին մէջ:

Մամետեարով Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Ան Ուաշինկթըն աշխատանքային իր այցելութեան ծիրին մէջ մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին անոնք միտքեր փոխանակած էին տարբեր հարցերու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ փուլի եւ բովանդակալից բանակցութիւններու յառաջխաղացման ուղիներուն շուրջ:

Քննարկուած էին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Երիտասարդներու Երկօրեայ Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

Յաջորդը

Փութինի Հետ Հանդիպելու Մտադրութեան Մասին Յայտարարելով` «Կ՛ուզեմ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Շտկել» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.