Արցախի Ազգային Ժողովը Հաստատած Է 2018-ի Պետական Պիւտճէի Տարեկան Հաշուետուութիւնը
27 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը գումարած է 9-րդ նստաշրջանի վերջին նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած է 2018-ի պետական պիւտճէի կատարման մասին հաշուետուութիւնը: Արցախի ելեւմուտքի նախարար Արթուր Յարութիւնեան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է նախորդ տարուան պիւտճէի կատարողականը, որմէ ետք Հաշուեքննիչ պալատի նախագահ Էռնեստ Աւանեսեան ներկայացուցած է պալատի ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները` արժանահաւատ գնահատելով նախորդ տարուան գլխաւոր ելեւմուտքի փաստաթուղթի կատարողականը: Պիւտճէն հաստատուած է 26 թեր, 4 դէմ, 1...



















