«Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումին ձեւաւորած կազմակերպական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեանը, Դաւիթ Շահնազարեանը եւ Գեղամ Նազարեանը 25 յունիսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան բանակցային հոլովոյթի ներկայ վիճակին. կազմակերպական կոմիտէի ներկայացուցիչները Ռուսիոյ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի դեսպանին, տեղեկացուցած են այս տարուան 7 մայիսին Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումի կայացման եւ անոր նպատակներուն մասին: Անոնք նաեւ դեսպանին յանձնած են ֆորումին կողմէ որդեգրուած հռչակագիրին ռուսերէն թարգմանութիւնը: