Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանն Ու Հարաւային Կովկասի Եւ Վրաստանի Ճգնաժամի Հարցերու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Միտքեր Փոխանակած Են Շրջանի Զարգացումներուն Շուրջ

June 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 26 յունիսին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու շարունակական խորացման ու սերտացման կարեւորութիւնը եւ այս պարունակին մէջ անդրադարձած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողական է ժողովրդավարութեան զարգացման, դատաիրաւական համակարգի արմատական բարեփոխութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ շարունակական քայլերու, ծրագիրներու իրականացման առումով` հաստատելով, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման:

Թոյվօ Քլաար նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մնայուն զարգացումը եւ պատրաստ է շարունակելու օժանդակել Հայաստանին` տարբեր ոլորտներու մէջ յառաջընթաց արձանագրելու առումով:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան տագնապի լուծումը կը պատկերացնէ բացառապէս խաղաղ ուղիով եւ հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի ծիրին մէջ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին:

Անոնք միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային հարցերուն եւ զարգացումներուն մասին:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդուած է Թոյվօ Քլաարը: Շրջանային այլ հարցերուն քննարկման կողքին, անոնք խօսած են Ուաշինկթընի մէջ Մնացականեան-Մամետեարով հանդիպումի մանրամասնութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

Հանդիպում` Ռուսիոյ Դեսպանատան Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Կոստանդնուպոլսոյ Նորովի Բացայայտումի Նախադրեալները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.