Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 յունիսին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Արշաւիր Ղարամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար` ազատ կացուցուելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչի պաշտօնէն: Լուրը կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակը: