Վերաքննիչ քրէական դատարանը երէկ հրապարակեց Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով մեղադրող կողմի եւ մարտի 1-ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու բողոքներուն վերաբերեալ որոշումը, որով բաւարարեց մեղադրող կողմին եւ տուժողներու իրաւայաջորդին բողոքները: Այդպիսով, բեկանուեցաւ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման վերացման վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, ուստի Քոչարեան կրկին կալանաւորելու վճիռ արձակուեցաւ:
Դատաւոր Արմէն Դանիէլեան ըսաւ. «Կը վերացուի նաեւ Քոչարեանը ազատ արձակելու հիմք հանդիսացած` Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը»:
Ռոպերթ Քոչարեանը, անոր պաշտպանները եւ ընտանիքը` ի նշան բողոքի, չմասնակցեցան դատական նիստին, քանի որ դատաւոր Արմէն Դանիէլեան նախորդ դատական նիստին թոյլ չէր տուած անոնց ներկայացնելու իրենց դիրքորոշումները:
Հայաստանի նախկին նախագահը աւելի ուշ ներկայացաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարան, ողջունեց իրեն աջակցողները եւ յայտարարեց, թէ ո՛չ օրէնք կայ, ո՛չ ալ օրինականութիւն: Անոր որդին` Լեւոն Քոչարեան ըսաւ, թէ դատարանին մէջ չեն արտօնած, որ պաշտպան կողմը խօսի: Քոչարեանի փաստաբանները նշեցին, որ կը պատրաստուին բողոքարկել այս որոշումը` իբրեւ հիմք ունենալով այն փաստը, որ ի սկզբանէ խաթարուած է արդար դատաքննութեան սկզբունքը: