Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Շըրմըն Պաքուի Կողմէ Քաղաքային Օդանաւերը Վար Առնելու Վտանգը Սահմանափակող Օրինագիծ Առաջարկած Է

Յունիս 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի աւագ անդամ Պրետ Շըրմըն ներկայացուցած է օրէնսդրական փոփոխութիւն մը, որուն նպատակն է արգելակել փոխանցումը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական այն սարքերուն, որոնք կը զօրացնեն Ազրպէյճանի յարձակողական օդային հարուածներու կարողականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Օրինագիծին նպատակն է սահմանափակել Պաքուի` Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանէն թռիչք կատարող քաղաքային օդանաւերը վար առնելու սպառնալիքին գործադրումը:

«Այս բարեփոխումը յստակ պատգամ մը պիտի յղէ Ազրպէյճանին, թէ ան չի կրնար քաղաքային օդանաւերը վար առնել սպառնալ: Ազրպէյճանին պէտք չէ արտօնել իր դրացիները վախցնել: Պէտք չէ որեւէ ձեւով օգնենք զօրացնելու Ազրպէյճանի օդային պաշտպանութիւնը», յայտարարեց Շըրմըն:

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան համաձայն գտնուած է` նշելով. «Այս ողջամիտ փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ազդանշան է Ազրպէյճանին, թէ Միացեալ Նահանգներ անվերապահօրէն կանգնած են քաղաքային օդանաւերու ոչնչացման որեւէ սպառնալիքի դէմ: Միացեալ Նահանգներու հարկատուներուն կողմէ ֆինանսաւորուող որեւէ յօդուած չի կրնար հովանաւորել երկիր մը, որ կը սպառնայ իր յարձակողական օդային կարելիութիւնները կիրարկել անմեղ ճամբորդներ սպաննելու համար»:

Մարտ 2011-ին Ազրպէյճանի Քաղաքային թռիչքներու վարչութեան պետ Արիֆ Մամատով յայտնած էր, թէ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը նախազգուշացուցած է Քաղաքային թռիչքներու միջազգային կազմակերպութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղին չէ լիազօրած թռիչքներ կատարել` բացատրելով, որ «Թռիչքներու մասին» օրէնքը կը նախատեսէ այդ տարածքին մէջ էջք կատարող օդանաւերու ֆիզիքական ոչնչացում»: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չէ հրաժարած այդ սպառնալիքէն եւ չէ համաձայնած, որ պիտի չկրակէ քաղաքային օդանաւերու վրայ: Իբրեւ հետեւանք` Ստեփանակերտի քաղաքային օդակայանը վերջին ութ տարիներուն ընթացքին փակ է` Արցախի քաղաքացիներն ու այլ քաղաքացիները զրկելով հասարակական իրաւունքէն` ճամբորդելու իրաւունքէն:

Շըրմընի նախագիծով կը նախատեսուի. «Սոյն օրէնքով կամ այլ ձեւով 2020 թուականի ելեւմտական տարուան համար պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրուած ֆինանսաւորումը չի կրնար կիրարկուիլ մատուցման համար պաշտպանութեան տարրերու կամ ծառայութիւններու, որոնք պիտի բարելաւեն Ազրպէյճանի յարձակողական օդային կարելիութիւնները կամ օդային կարողականութիւնը, որ կրնայ սպառնալ կովկասեան շրջանին մէջ քաղաքային թռիչքներուն:

Ներկայացուցիչներու տան Կանոնադրական յանձնախումբի նիստը պիտի գումարուի 8 յուլիսին` Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան` 4 յուլիսի արձակուրդէն ետք: Պիտի քննարկուի ո՛չ միայն վերոյիշեալ օրէնսդրական փոփոխութեան նախագիծը, այլ նաեւ հարիւրաւոր այլ նախագիծեր, որոնք կը վերաբերին երկրի Ազգային պաշտպանութեան օրէնքին:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Նորընտիր Քաղաքապետը Պատմած Է, Որ Հայ Ճարտարապետի Մը Շնորհիւ Իր Ծննդավայրը Բացայայտած Է

Յաջորդը

Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ` Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն Միջեւ

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?