Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Պետական Ամավարկի Վաւերացումը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Կատարեալ Լրջութեամբ Վարուելու Աղբահանութեան Հարցին Հետ

Յունիս 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հայկական երեսփոխանական պլոքը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ 2019-ի պետական ամավարկը եւ ընդգծուեցաւ զայն վաւերացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան լիբանանեան եւ ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, որ սկսած է լիբանանեան ընկերութեան վրայ ճնշել:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը զարմանք յայտնեց վերջերս երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական բանավէճերուն համար, որոնք ապարդիւն են եւ միայն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնան սրել եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ գժտութիւն յառաջացնել:

Պլոքը քննադատեց երկխօսութեան չգոյութիւնը` զայն նկատելով ապառողջ իրավիճակ մը, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ համերաշխութիւնն ու իմաստուն մօտեցումը չի դրսեւորեր: Մեկնելով այս իրականութենէն` Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առումով երկրին կացութեան թափ տալ` յատկապէս նկատի ունենալով շրջանային խոցելի վիճակը:

Անդրադառնալով Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն գործադրած դասադուլին` Հայկական երեսփոխանական պլոքը շեշտեց, որ անիկա ուսանողներուն շահերուն չի ծառայեր, եւ պէտք է աշխատիլ խնդրոյ առարկաներուն միջեւ երկխօսութեան միջոցով լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ, որպէսզի ուսանողները կրթական տարեշրջան մը չկորսնցնեն:

Պլոքը հաստատեց, որ ուսումը երկրին հիմնասիւներէն է եւ դասախօսներուն կամ ուսանողներուն նեղութիւնը պիտի արտացոլայ ամբողջ երկրին կրթական համակարգին, յատկապէս համաշխարհային մեծ վարկ եւ ուսման մակարդակ վայելող Լիբանանի պետական համալսարանին վրայ:

Պլոքը քննարկեց նաեւ աղբահանութեան հարցին լուծման թղթածրարը եւ կոչ ուղղեց պետութեան այդ իմաստով շտապ գործի լծուելու եւ կատարեալ հոգատարութեամբ, լրջութեամբ եւ ուշադրութեամբ վարուելու անոր հետ` նկատի ունենալով ժողովուրդին առողջութեան վրայ անոր ունեցած մեծ ազդեցութիւնը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ այդ հարցը քննարկուի եւ անոր շուրջ երկխօսութիւն կատարուի, որպէսզի միացեալ մօտեցումներով կարելի ըլլայ լուծել այդ հարցը եւ ժողովուրդին ներկայանալ փաստերով եւ ոչ թէ մեր վկայած յաւելեալ պառակտումով:

Պլոքը հաստատեց իր յանձնառութիւնը` դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան եւ կոչ ուղղեց անսալու դատաւորներուն պահանջներուն` երաշխաւորելու համար օրինական ընդհանուր համակարգը:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը կարեւոր նկատեց դատական իշխանութիւններուն եւ պետութեան միջեւ երկխօսութիւնը խորացնելը` ապահովելու համար երկրին, քաղաքացիին եւ ընկերութեան շահերը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբի Այցելութիւն` Գիւմրի

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Խանգարել Ռուսիոյ Եւ Վրաստանի Յարաբերութիւններուն Բնականոնացումը» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?