Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Քննարկած Օրակարգին Կէտերը Եւ Մերժեց «Դարու Գործարք»-ն Ու Պաղեստինցիներուն Բնակեցումը

June 28, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախարարաց խորհուրդը պետական պաշտօնեաներու նշանակումներ չկատարեց:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտած է, թէ Լիբանան կը մերժէ «Դարու գործարք»-ն ու Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

Ան նշեց, որ վարչապետ Հարիրի նախարարաց խորհուրդը պիտի հրաւիրէ իրերայաջորդ նիստերու, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներն ու Մըքքենզիի ծրագիրը:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց իր քննարկած օրակարգին կէտերը, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուեցաւ կարգ մը օրինագիծերու եւ վարկերու, որոնք ներկայացուած են Չինաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ:

Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց պրէօվէի եւ պաքալորէայի վերաքննութեան առիթ տալ` աւելցնելով, որ զոյգ կարգերուն պարագային վերաքննութեան ժամանակացոյցը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին:

Հարիրի-Խալիլ-Սալամէ Նիստ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որոնց հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներու նշանակումը:

Հանգստեան Կոչուած Բանակայինները
Փակեցին Կարգ Մը Փողոցներ

Նշենք, որ հանգստեան կոչուած բանակայինները երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ ժամը 10:00 փակեցին կարգ մը փողոցներ:

Նստացոյցերուն մասնակցեցան հանգստեան կոչուած բանակայինները եւ անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ ներկայ բանակայիններն ու անոնց ընտանիքները եւ իրենց իրաւունքներուն զօրակցող համակիրները:

Փակուեցան Նաամէի մայրուղին, Պըրպարայի մայրուղին, Տահր էլ Պայտարը, Նամլիէի կամուրջը եւ շարք մը այլ ճամբաներ:

Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը կը զօրակցի բանակայիններու արդար իրաւունքներուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են անոնց ապրուստին, արժանապատուութեան եւ անոնց ընտանիքներու արժանապատուութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց գործակցելու ապահովութեան ուժերուն հետ եւ չփակելու ճամբաները` դիւրացնելով քաղաքայիններուն երթեւեկը:

Հանգստեան կոչուած բանակայինները իսկոյն ենթարկուեցան բանակի հրամանատարութեան որոշումին, եւ փակ ճամբաները վերաբացուեցան:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կարելի Չէ Օրինազանցներուն Նկատմամբ Թոյլ Վերաբերում Ցուցաբերել»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Մը Կառուցման Որոշումին Դէմ Թուրքերու Բողոքի Ցոյց

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.