Կենսոլորտի Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ Պուրճ Համուտ – Ժտէյտէ Թափօններու Թաղման Վայրին Փակման Թուականը
Հիմնուելով Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին տեղեկագիրին վրայ, կենսոլորտի նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնուեցաւ, որ Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրը տակաւին կրնայ 82 հազար թոն թափօններ ընդունիլ, եւ հետեւաբար օգոստոս ամսուան վերջը կ՛աւարտէ թափօններ ընդունելու իր կարողութիւնը:
Նշենք, որ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթիի գրասենեակը օր մը առաջ հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` «յառաջիկայ յուլիսի վերջը Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ թափօններու թաղման վայրին թափօններ ընդունելու կարողութեան աւարտին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն լոյսին տակ, նախարար Ժրայսաթի Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրէն պահանջեց շօշափելի տուեալներ, որոնց հիման վրայ ի յայտ եկաւ, որ թափօններու թաղման վայրը մինչեւ օգոստոս 2019 տակաւին կարողութիւն ունի 82 հազար թոն թափօն ընդունելու»:
Այս հարցով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակ է:
Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրին հետ ոչ մէկ կապ ունի` հաստատելով, որ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի այդ մասին լաւատեղեակ է: