Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ` Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն Միջեւ

June 27, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24-25 յունիսին Պերլինի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ավետ Ադոնցը, գերմանականը` Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  քաղաքական տնօրէնի տեղակալ, Արեւելեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հարցերով յանձնակատար Միխայէլ Զիպըրթը:

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ-գերմանական երկկողմանի քաղաքական օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ, միտքեր փոխանակեցին առեւտրական, տնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացման հեռանկարներու վերաբերեալ:

Հանդիպումին երկուստեք բարձր գնահատուեցաւ վերջին շրջանին  աշխուժացած հայ-գերմանական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ներկայ փուլին եւ զարգացման հեռանկարներուն` հայկական կողմը ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի կիրարկման ճամբու քարտէսը` կողմերուն միջեւ համաձայնեցման հոլովոյթը եւ ընդգծեց Գերմանիոյ կողմէ համաձայնագիրի  վաւերացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկի, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու աջակցութեան կարեւորութեան վերաբերեալ:

Զրուցակիցները անդրադարձան շարք մը շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու:

Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի փոխնախագահ դոկտ. Տանիելա տէ Ռիթթերի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ավետ Ադոնց ներկայացուց Հայաստանի մէջ խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցման ճամբան, այդ ուղղութեամբ իրականացած քայլերը:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Գերմանիա միջխորհրդարանական համագործակցութեան խորացման կարեւորութեան, ինչ որ խթան կրնայ հանդիսանալ երկկողմանի եւ  բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ յարաբերութիւններու աշխուժացման:

25 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ  Գերմանիոյ վարչապետի աշխատակազմի Կեդրոնական, Արեւելեան, Հարաւային Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ  երկիրներու հարցերով բաժինի ղեկավար Մաթիաս Լիւթենպըրկի կողմէ:

Հանդիպումին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-գերմանական փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղուած հարցեր:

 

 

Նախորդը

Քոնկրեսական Շըրմըն Պաքուի Կողմէ Քաղաքային Օդանաւերը Վար Առնելու Վտանգը Սահմանափակող Օրինագիծ Առաջարկած Է

Յաջորդը

Հանդիպում` Ռուսիոյ Դեսպանատան Մէջ

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.