Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբի Այցելութիւն` Գիւմրի

Յունիս 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 յունիսին ՀՅԴ կրթութեան եւ գիտութեան մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբը սկսաւ իր մարզային հանդիպումներու շարքին, որուն առաջինը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ:

ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի գրասենեակին մէջ Շիրակի մարզի կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի դաշնակցական եւ համակիր շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են թէ՛ համահայաստանեան, եւ թէ՛ Շիրակի մարզի կրթութեան ոլորտի շարք մը հիմնախնդիրներ:

Յանձնախումբը արձանագրած է անոնցմէ կարեւորագոյնները.

. Հայաստան կարիք ունի ազգային կրթական բնորդի` յստակ մշակուած հայեցակարգով:

. Անհրաժեշտ է վերականգնել ուսուցիչին, մանկավարժին նկատմամբ հասարակութեան ունեցած նախկին յարգանքը: Ատիկա պէտք է դառնայ համընդհանուր քարոզչութեան առարկայ:

. Կրթութեան ոլորտի աշխատողներու ցած աշխատավարձը բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ո՛չ միայն վերջիններուն ընկերային վիճակին, այլ նաեւ կրթութեան որակին վրայ:

. Այլեւս անքննելի է այն համոզումը, որ կրթութիւնը պէտք է առանձնացնել քաղաքականութենէն, եւ ասիկա պէտք է ըլլայ տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած: Կրթութիւնը շարունակական հոլովոյթ է: Անիկա պէտք չէ վերանայուի ըստ քաղաքական հայեցողութեան: Կրթական հոլովոյթը պէտք չէ ծառայեցնել քաղաքական շահերու: Կրթութիւնը պէտք է սպասարկէ հասարակութեան:

. Կրթութեան հոլովոյթը պէտք է դիտարկուի կրթութիւն-գիտութիւն-արտադրութիւն եռամիասնութեան մէջ:

. Ինչպէս մայրաքաղաք Երեւանի, այնպէս ալ Շիրակի մարզին մէջ (նաեւ` միւս մարզերուն), օրակարգային է նախադպրոցական կրթութեան խնդիրը: Եթէ Երեւանի մէջ մանկապարտէզ չի յաճախեր հոն ապրող եւ մանկապարտէզի տարիք ունեցող իւրաքանչիւր երրորդ երեխայ, ապա մարզերուն մէջ այդ թիւը աւելի մեծ է: Միաժամանակ յայտնի է, որ նախադպրոցական կրթութիւնը մեծապէս կ՛ազդէ երեխային ընկերային ընտելացման վրայ: Շիրակի մարզին մէջ մանկապարտէզներուն վիճակը շատ վատ է, ուստի, ատիկա միշտ ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ:

. Ընդհանուր առմամբ անմխիթար վիճակի մէջ են գիւղական դպրոցներուն շէնքերը, թեքնիք բաժինի կարիքները: Ասիկա իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ո՛չ միայն կրթութեան որակին վրայ, այլ նաեւ մարզերու ժողովրդագրութեան: Դպրոցական լաւ շէնքերու մէջ կրթութիւն ստանալու համար երեխաները գիւղերէն քաղաք երթալու ձգտում ունին:

. Հեռաւոր գիւղական դպրոցներուն մէջ կրթութեան որակին վրայ բացասական անդրադարձ կ՛ունենայ նաեւ բազմահամակազմ դասարաններու հանգամանքը (երբ աշակերտներուն թիւին քիչ ըլլալուն բերումով մէկ ուսուցիչը երկու տարբեր դասարաններու աշակերտներուն կը դասաւանդէ միեւնոյն ատեն):

. Շիրակի մարզին մէջ հաճելի յաւակնոտ տրամադրութիւն կայ Գիւմրին համալսարանական կեդրոն դարձնելու: Պէտք է խոստովանիլ, որ Գիւմրին թէ՛ մտաւոր պաշարի, թէ՛ աշխարհագրական, թէ՛ կլիմայական (շատ տաք չէ) պայմաններու բերումով եւ այլ առումներով կրնայ դառնալ նման կեդրոն: Պէտք է միայն լծուիլ այդ գործին:

 

. Արդիական դարձած է ուսումնական հաստատութիւններու կառավարման խորհուրդները արհեստավարժ դարձնելու հարցը:

 

. Ոչ պաշտօնական կրթութեան առումով հետաքրքրական իրողութիւն արձանագրուեցաւ: Բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններ կ՛իրականացնեն տարատեսակ կրթական ծրագիրներ, որոնք երբեմն սպառնալիք են մեր ազգային անվտանգութեան: Կարճաժամկէտ կրթական ծրագիրներու մասով օրէնսդրական բաց գոյութիւն ունի: Պէտք է յստակացուին եւ համակարգուին այն ծրագիրները, որոնք, իբրեւ կարճաժամկէտ ուսուցում, կը գործադրուին դպրոցներուն մէջ: Յանձնախումբը պիտի զբաղի այս հարցով:

Քննարկուած են նաեւ այլ հարցեր:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամները Հանդիպում Ունեցած Են Լիբանանեան Պատուիրակութեան Հետ

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Պետական Ամավարկի Վաւերացումը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Կատարեալ Լրջութեամբ Վարուելու Աղբահանութեան Հարցին Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?