Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքի մերձակայ Փոլհայմ գիւղաքաղաքի խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը կառուցելու որոշում տուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր7» կայքը:
Հեսենի թրքական կազմակերպութիւններու նախաձեռնողական հարթակը (ՀԹԿՆՀ) բողոքի ցոյց կազմակերպած է խորհուրդի շէնքին դիմաց եւ պահանջած, որ չեղեալ յայտարարուի այդ որոշումը: ՀԹԿՆՀ-ն նշած է, որ խորհուրդին տուած որոշումը հող կը նախապատրաստէ նոր թշնամութեան համար եւ պատճառ պիտի դառնայ, որ խաղաղութեան մէջ ապրիլ ուզողներուն միջեւ թշնամութիւն սերմանուի:
ՀԹԿՆՀ-ի բանբեր Հուսէյն Քուրթ յայտարարած է, թէ ատիկա պատմութեան եւ իրաւունքի հետ կապ չունեցող, ատելութիւն, թշնամութիւն հրահրող որոշում է: