Newsletter

Անյայտ Կորսուածներու Որոնողական  Եւ Յարակից Միւս Գործընթացները  Պէտք Է Իրականացնել Աւելի Հասցէական

Անյայտ Կորսուածներու Որոնողական Եւ Յարակից Միւս Գործընթացները Պէտք Է Իրականացնել Աւելի Հասցէական

29 յունիսին անյայտ կորսուած ազատամարտիկներուն նուիրուած խորհրդանշական ձեռնարկ կազմակերպուած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ, ուր ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ  արք. Մարտիրոսեան, պետական այրեր, բարձրաստիճան զինուորականներ, հանրային լայն շրջանակի ներկայացուցիչներ: Արցախի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ արարողութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան գոյապայքարի տարիներէն անյայտութեան մշուշի մէջ թաղուած ազատամարտիկներու ճակատագիրներուն, վերջիններուս եւ անոնց հարազատներուն խնդիրներով...

Լեռնալիբանանի Մէջ Ներքաղաքական  Լարուածութիւնը  Վերածուեցաւ Զինեալ Բախումի

Լեռնալիբանանի Մէջ Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Վերածուեցաւ Զինեալ Բախումի

Նախարար Սալեհ Ղարիպի Շքախումբին Վրայ Կրակոցը Պատճառ Դարձաւ Երկու Թիկնապահներու Սպանութեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ իւրաքանչիւր շաբաթավերջի լիբանանեան տարբեր շրջաններ այցելութեան աւանդութիւնը երէկ երեկոյեան վերածուեցաւ ողբերգութեան, երբ  Քֆարմաթթայի բնակիչներն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիրները մերժեցին իրենց շրջանները անոր կատարելիք այցելութիւնը եւ ճամբաները փակեցին անոր դիմաց: Այս հարցը լուծուեցաւ, երբ բանակն ու կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ...

Իր Ընտրութեան Եւ Օծման 24-ամեակին Առիթով.  «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Աթոռը Այսօր Իր Ծառայութեամբ Առանցքային  Ներկայութիւն Է Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր Ընտրութեան Եւ Օծման 24-ամեակին Առիթով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը Այսօր Իր Ծառայութեամբ Առանցքային Ներկայութիւն Է Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 30 յունիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Արամ Ա. կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր աւետարանական հատուածներու եւ աղօթքներու ու շարականներու ընդմէջէն աղօթեցին վեհափառ հայրապետին արեւշատութեան, առողջութեան եւ երկար գահակալութեան համար, ինչպէս նաեւ վասն անսասանութեան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:...

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Կոմիտասի 150-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը երէկ` կիրակի, 30 յունիս 2019-ի երեկոյեան, արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադիրին` Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Համերգը տեղի ունեցաւ վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Պլաթ, ներկայութեամբ պաշտօնական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր բազմութեան: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կարէն Արաբկիրեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով հերթաբար թուեց յայտագիրին կէտերը` նշելով երգերուն եւ անոնց կատարողներուն անունները:...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Դասընթացքը Կը Ծանօթացնէ Լրատուական Եւ Լրագրական Աշխարհի Հիմնական Սկզբունքները

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Դասընթացքը Կը Ծանօթացնէ Լրատուական Եւ Լրագրական Աշխարհի Հիմնական Սկզբունքները

22 եւ 29 յունիսի կէսօրին, «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան չորրորդ եւ հինգերորդ դասընթացքները, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին եւ ռատիոկայանի սթիւտիոներուն մէջ, հետաքրքրասէր մասնակիցներուն ծանօթացուցին լրատուական եւ լրագրական աշխարհի գլխաւոր սկզբունքները եւ գործնական վարժութիւններով փորձարկեցին փոխանցուած գիտելիքները: Դասընթացքին չորրորդ նիւթը ներկայացուց «Վանայ Ձայն»-ի նախկին տնօրէն, «Օ.Թի.Վի.»-ի հայկական լրատուութեան բաժինի պատասխանատու Արմէն Ապտալեան: Ան ներկայացուց «Լրագրութեան կանոնները. լուր պատրաստելու եւ խմբագրելու եղանակները»...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ  Նիքոս Անասթասիատիսի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի Հետ

Ուրբաթ, 28 յունիս 2019-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի միջեւ: Հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ...

ՀՅԴ-ՀԴԿ Հանդիպում

ՀՅԴ-ՀԴԿ Հանդիպում

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ` քննարկելու համար երկրին մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր: Այս ծիրին մէջ 28 յունիսին  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան (ՀԴԿ) նախագահութեան անդամներուն հետ տեղի ունեցած է միջկուսակցական հանդիպում, որուն Դաշնակցութեան կողմէ կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնը Պէտք Է  Հասկնայ, Որ Ինքն Այլեւս Իշխանութիւն Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնը Պէտք Է Հասկնայ, Որ Ինքն Այլեւս Իշխանութիւն Է»

«24 Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ Դաշնակցութեան յայտարարած քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Գերագոյն մարմինը հանդիպումներ կ՛ունենայ  քաղաքական տարբեր ուժերու հետ: Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին համաձայն, Դաշնակցութիւնը որեւէ ուժի հետ բեւեռ ըլլալու կաշկանդուածութիւն չունի: Ի. Սաղաթէլեան դիտել տուած է, որ իշխանութիւնը այսօր պատասխանատու է երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որովհետեւ...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Քաղաքացիներու Փոխանակում`  Կարմիր Խաչին Միջնորդութեամբ

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Քաղաքացիներու Փոխանակում` Կարմիր Խաչին Միջնորդութեամբ

28 յունիսին տեղի ունեցաւ քաղաքացիներու փոխանակում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաւատարիմ մնալով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն եւ իր ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) օժանդակութեամբ եւ անոր հովանիին տակ իրականացուցած է 16 մարտին Հայաստանի պետական սահման ապօրինաբար հատած Էլվին Արիֆ Օղլու Իպրահիմովը Ազրպէյճան տեղափոխելու հոլովոյթը: Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ...

ՀՅԴ Երիտասարդականին Մասնակցութիւնը  Եւրոպայի Երիտասարդ  Ընկերվարականներու Ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականին Մասնակցութիւնը Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու Ժողովին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ 21-23 յունիսին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու Բիւրոյի ժողովը, որուն ՀՅԴ-ն ներկայացուցած է Անահիտ Յակոբեանը (Ֆրանսա): Ժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 40 երիտասարդ ընկերվարականներ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ` Իտալիա, Սպանիա, Ֆրանսա, Փորթուգալ, Պուլկարիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Դանիա, Շուէտ, Նորվեկիա, Խրուաթիա, Կիպրոս եւ...

Ազրպէյճանցիները Զայրացած Են Պոլսոյ  Նոր Քաղաքապետի` Հայերուն  Մասին Յայտարարութենէն

Ազրպէյճանցիները Զայրացած Են Պոլսոյ Նոր Քաղաքապետի` Հայերուն Մասին Յայտարարութենէն

Ազրպէյճանի մէջ բաւական մեծ արձագանգ գտած է Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Իմամօղլու շնորհակալութիւն յայտնած էր ընտրութիւններուն մէջ իրեն աջակցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Պոլսոյ քաղաքապետ Իմամօղլուի խորհրդական Մուրաթ Էօնկիւն անդրադարձած է ազրպէյճանցիներուն մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած յայտարարութեան: «Քաղաքապետին խօսքերը կը վերաբերէին Պոլսոյ մէջ ապրող բոլոր համայնքներուն:...

«Հայերը Կը Զգան Էրտողանի Թշնամական  Վարչակարգին Լարուածութիւնը»  Կ՛ըսէ Պրանսըն

«Հայերը Կը Զգան Էրտողանի Թշնամական Վարչակարգին Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ Պրանսըն

Ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն, որ բանտարկուած էր Թուրքիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին` նշելով, որ հայերը եւս կը զգան «Էրտողանի թշնամանքին լարուածութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Էրտողանի վարչակարգը յատկապէս թշնամական է. շատ թուրքերու համար կարեւորը իսլամներու անհատականութիւնն է: Այո՛, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ...

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու  Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային  Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ սահմանագիծին վերաբերող իրադարձութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին` խնդրելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, առանց որեւէ...

Թրամփ Աճապարուած Չէ

Թրամփ Աճապարուած Չէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանի հետ տագնապը լուծելու աճապարուած չէ` յոյս յայտնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ այդ առնչութեամբ դրական լուծումի հասնիլ: «Տակաւին բաւարար ժամանակ ունինք: Աճապարուած չենք: Կամաց-կամաց լուծումի կը հասնինք: Բացարձակապէս որեւէ ճնշում չկայ», ըսաւ ան: «Կը յուսանք աւարտին այդ մէկը իրագործել, այսինքն` դրական լուծումի հասնիլ:...

Օսաքայի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում

Օսաքայի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում

Երէկ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը, որ եղաւ դէմ առ դէմ: Անոր մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններէն ներկայացուցիչներ: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները իրենց մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Իրանի, Սուրիոյ, Վենեզուելայի եւ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան վերահսկողութեան ու...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (5) .  Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին  Լուր Մը Գրելու Իրենց Առաջին Փորձը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (5) . Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին Լուր Մը Գրելու Իրենց Առաջին Փորձը

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն ընթացիկ հանդիպումը: Լրագրական վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները` զայն զատորոշելով տարբեր ժանրերու գրութիւններէ: Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` նկատի ունենալով, որ ապագայ լրագրողները տեղւոյն վրայ գործադրեցին իրենց տրուած բացատրութիւնը եւ յաջողեցան գրել...

Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն  68 Հազար Դրամի Բարձրացնելու Նախագիծ

Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն 68 Հազար Դրամի Բարձրացնելու Նախագիծ

Հայաստանի կառավարութիւնը իր 27 յունիսի նիստին որոշեց համաձայնութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերող Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Գեմոֆին Գասպարեան ներկայացուց  նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձը 55 հազար դրամի փոխարէն 63 հազար սահմանել, նաեւ առաջարկեց, որ նախարարութիւնը յարմար կը նկատէ, որ անիկա ըլլայ 68 հազար դրամ: Գասպարեան ներկայացուց այս առաջարկին...

Արծուիկ Մինասեան. «Լրջանալու Բանաձեւին  Ներքոյ Լուրջ Դասընթացքի Կարիք Ունին  Հայաստանը Ներկայացնող Պաշտօնատարները»

Արծուիկ Մինասեան. «Լրջանալու Բանաձեւին Ներքոյ Լուրջ Դասընթացքի Կարիք Ունին Հայաստանը Ներկայացնող Պաշտօնատարները»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր վերջին հանրահաւաքին իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց տուաւ եւ լրջանալու կոչ ուղղեց: «Արմ Տէյլի»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսած է, որ, ցաւօք, վերջին հանրահաւաքէն ետք, դատելով իշխանութեան վարքագիծէն, ինչպէս նաեւ այն օրակարգէն, որ կը բերուի հանրային քննարկման, տակաւին կանուխ է լրջանալու մասին խօսելու: «Ասիկա կ՛երեւի նաեւ իշխանութեան առանձին ներկայացուցիչներու ամբարտաւան...

Զօհրապ Մնացականեան. «Բանակցութիւններու  Հոլովոյթին Սպառնալիքի Լեզուն Չի Գործեր»

Զօհրապ Մնացականեան. «Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սպառնալիքի Լեզուն Չի Գործեր»

Մալթայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ կայացած հանդիպման մանրամասնութիւններուն` ըսած է, որ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր է ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով խաղաղութեան նպաստող միջավայրը: «Մենք քննարկած ենք բաւական հարցեր, որոնք  կառուցուած են այն ամբողջ երկխօսութեան...

Յարձակողական Նոր Զինատեսակներ Գնելու  Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Կնքուած Են

Յարձակողական Նոր Զինատեսակներ Գնելու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Կնքուած Են

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կնքուած են համաձայնագիրներ` յարձակողական նոր զինատեսակներ, նոր սերունդի զինամթերք ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ մատակարարելու վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, «Առաջին ալիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Հայաստանի ռազմական օդուժը վերազինման փուլի մէջ է: Այդ նպատակով ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին երկկողմանի հանդիպումներ կ՛ունենայ շարք մը ընկերութիւններու...

Page 214 of 256 1 … 213 214 215 … 256