Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ շաբաթ օր պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Պաքու:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Շարհի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ընդլայնուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախկին կառավարութեան Ազրպէյճանի նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութեան պատճառով, երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները ճահճացման փուլէ անցած են: Այս մասին հաղորդեց «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութեան հաստատումը կապերու յառաջ մղման համար նկատառելի հեռանկարներ բացած է:
«Թրենտ» կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար նշելով Սուրիոյ ներկայիս դիմագրաւած ուժանիւթի ոլորտի սուր մարտահրաւէրները:
Երկու ղեկավարները ընդգծած են, որ ազրպէյճանական կազը Թուրքիոյ ճամբով Սուրիա հասցնելու ծրագիրը շուտով պիտի գործադրուի` նպաստելով Սուրիոյ ուժանիւթի անվտանգութեան: Ընդգծուած է նաեւ Ազրպէյճանի Սուրիոյ ուժանիւթի մարզը վերանորոգելու կարողութիւնը:
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ ընդգծած է Սուրիոյ ուժանիւթի հարցերու լուծման Ազրպէյճանի նպաստը` նշելով երկրի զարգացման մէջ այդ իրողութեան կարեւորութիւնը:
«Թուրքիա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Շարհ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ նկատմամբ Ազրպէյճանի եղբայրական աջակցութեան համար` ընդունելով, որ նախկին վարչակարգը բազմաթիւ երկիրներու, ներառեալ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն վնասած է:
«Այժմ մեր երկիրը բաց է Ազրպէյճանի հետ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան», նշած է Շարհ:
Ալիեւ ուշադրութեան հրաւիրած է Ազրպէյճանի «հայկական բռնագրաւումէ ազատագրուած» շրջաններուն մէջ վերաշինութեան ու զարգացման ջանքերուն` նշելով, որ այդ փորձառութիւնը կրնայ նպաստել Սուրիոյ վերաշինութեան հոլովոյթին:
Ազրպէյճանի նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նկատի ունենալով մեր երկրին ազատագրուած հողամասերուն մէջ վերաշինութեան եւ շինարարական աշխատանքի փորձառութիւնը, այս առումով շեշտուեցաւ, թէ Ազրպէյճան կրնայ նպաստել Սուրիոյ յետհակամարտային շրջանի վերաշինութեան եւ շինարարական հոլովոյթին»:
Շարհ գովաբանած է Ազրպէյճանի «ձեռքբերումն ու իր հողերու յաջող ազատագրումը` նշելով, որ Ազրպէյճան 1990-ական թուականներուն դժուարութիւններ դիմագրաւած է, սակայն զանոնք յաջողութեամբ յաղթահարած է»` աւելցնելով. «Ազրպէյճան այսօր կը զարգանայ»:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է. «Ազրպէյճանի մէջ նկատեցինք պետութիւն մը, որուն ժողովուրդը կամքով կը կառուցէ, եւ անոր ղեկավարները կը պահպանեն իմաստութեամբ: Յոյսով եմ, որ այս այցելութիւնը արտացոլէ մեր ժողովուրդներուն մեր պանծալի անցեալին մէջ ապրած պատմական համախմբուածութեան եւ համերաշխութեան արժէքները, եւ միասնաբար յառաջ ընթանանք դէպի խոստմնալից ապագայի իրագործում»:
«Կ՛ողջունեմ ձեզ ձեր երկրի անվտանգութեան ու բարգաւաճման համար թափած ջանքերուն համար եւ կը վստահեցնեմ, որ Սուրիոյ արաբական հանրապետութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ եղբայրութեան գործելաոճին եւ նախանձախնդիր տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներու եւ գործակցութեան խորացման: Ազրպէյճանն ու Սուրիան առատ բնական պաշարներ ունին եւ աշխարհի վրայ իւրայատուկ դիրքեր, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ ուժանիւթի արտադրութեան եւ ներածման մեծ գործընկերութեան կացութեան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտի ամրապնդման, ինչպէս նաեւ բանալով դռները գործակցութեան` հասարակաց շահերու իրագործման համար փորձառութիւններու եւ մասնագիտութիւններու փոխանակման համար», ըսած է Շարհ:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ այցելեց Պատուոյ ծառուղին, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հեյտար Ալիեւի յիշատակին:
Մինչ այդ, Դամասկոսի մէջ Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութիւններուն ծանօթ դիւանագիտական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ իսրայէլացի եւ սուրիացի պաշտօնատարներ Շարհի այցելութեան ծիրին մէջ Պաքուի մէջ հանդիպում պիտի ունենան: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Շարհ հանդիպումին ներկայ պիտի չըլլայ:
Իսրայէլեան «Այ24» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահը Ազրպէյճանի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ առնուազն մէկ հանդիպումի ներկայ գտնուած է:
Շարհի մօտիկ սուրիական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Հանդիպումը երկու կողմերուն միջեւ երկու կամ երեք ժողովներու շարք մըն էր` ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ Իսրայէլի հետ ապահովական ժողովներու մէջ սուրիական կառավարութեան համակարգող Ահմետ Տալլալաթիի»:
Կայանը նշեց, որ իսրայէլեան կողմէն ժողովներուն մասնակցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ յատուկ պատուիրակ մը, ինչպէս նաեւ ապահովական ու զինուորական անձնաւորութիւններ: Ժողովին նպատակն էր ճշդել Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ ստորագրուելիք ապահովական համաձայնութեան շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ նիւթեր, որոնք կը վերաբերին Իրանին, Հըզպալլային, պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ Կազայի պաղեստինցիներու ապագային:
Ազրպէյճանի նախագահի կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահի Ազրպէյճան այցելութեան ծիրին մէջ Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ազրպէյճանական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են:
Յուշագիրը ստորագրած են Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարար, պետական քարիւղի ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի վերահսկիչ խորհուրդի նախագահ Միքայիլ Ճապարով եւ Սուրիոյ ուժանիւթի նախարար Մոհամետ Պաշիր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, թէ Ազրպէյճան պատրաստակամ է Սուրիոյ բնական կազի մատակարարման հարցին մէջ աջակցելու: