Վենետիքթով. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգները Հրաւիրեց Ներկայ Գտնուելու Մոսկուայի Մէջ Անվտանգութեան Հարցերով 13-րդ Միջազգային Համախմբումին»
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխքարտուղար Ալեքսանտր Վենետիքթով յայտնեց. «Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն եւ շարք մը ոչ բարեկամ պետութիւններու հրաւէրներ ուղղեց` ներկայ գտնուելու մայիսի վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ գումարուելիք անվտանգութեան հարցերով 13-րդ միջազգային համախմբումին»: Ան այս մասին յայտնեց «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին: «Կ՛ուզեմ նշել, թէ խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրները այլ կողմերու կողքին ուղղուեցան Միացեալ Նահանգներուն եւ շարք մը ոչ բարեկամ պետութիւններու, որոնց ներկայացուցիչները...




















