Իշխանական բռնաճնշումները Հայաստանի մէջ կը շարունակուին: Ո՞րն է այս բռնաճնշումներուն պատճառը, արդեօ՞ք իշխանութիւնը նպատակ ունի հեռացնել Դաշնակցութիւնը ասպարէզէն. այս եւ այլ հարցումներու պատասխանները ստանալու նպատակով mediahub.am կայքը զրուցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի հետ:
«Սա ակնյայտ ապօրինի հետապնդումներու շարք է` ուղղուած մեր կուսակցութեան դէմ: Որեւէ հիմք չկայ, ընդամէնը կը փորձեն կեղտոտ եւ սրիկայ քարոզչամեքենայով վարկաբեկել արմատական ընդդիմադիր ուժը: Ու այդ կեղտոտ մեթոտներով ալ հիմքեր կը ստեղծեն մեր կուսակցական ընկերները ազատութենէ զրկելու համար: Այս է, մենք որեւէ բեմագրութեան պատրաստ ենք: Բայց կը վստահեցնեմ, նման քայլերով չեն կրնար մեր գործունէութեան վրայ ազդեցութիւն ունենալ: Քանի որ մենք քաղաքական գործունէութենէ զատ այլ բան չենք ըրած», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք մտավախութիւն չունի՞, որ ի վերջոյ բոլոր աշխուժ դաշնակցական գործիչները կը յայտնուին անազատութեան մէջ, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Փաշինեան այս քայլով կը փորձէ նուէր ընել Ալիեւին: Եթէ նայիք թուրք-ազրպէյճանական մամուլը նոյն բառերով ու մեթոտներով կ՛աշխատի Դաշնակցութեան դէմ, ինչպէս «Սիվիք»-ն ու «Հայկական ժամանակ»-ը: Բայց միեւնոյն է, մեզ լռեցնել չեն կրնար»: