Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ դէմ առ դէմ զրոյց ունեցած են Քուալա Լամփուրի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պեութիւններու ընկերակցութեան` ԱՍԻԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Անոնք կարճ «ոտքի վրայ» զրոյց ունեցած են: Զրոյցը անցած է դրական մթնոլորտի մէջ: Լաւրով ժպտացած է, իսկ Ռուպիօ թեթեւակի հարուածած է անոր ուսին, զրուցակիցները վերջաւորութեան աշխուժօրէն ձեռքի շարժումներ եւ ձեռքսեղմումներ կատարած են:
Հանդիպման տեսագրութիւնը տարածած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մէկ օր առաջ ունեցած էին լիարժէք բանակցութիւններ, որոնք տեւած էին շուրջ մէկ ժամ:
Ռուպիօ հանդիպումի աւարտին յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են յստակ ծրագիրով մը` վերջ տալու համար Ուքրանիոյ մէջ տագնապին, եւ հինգշաբթի օր այդ առնչութեամբ առաջարկներ պիտի ներկայացուին (Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ) Թրամփին»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր, թէ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին շուրջ «անկեղծ զրոյց մը» ունեցած են:
«Անկեղծ զրոյց տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ մէջ կացութեան կարգաւորման, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ կացութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային շարք մը այլ հարցերու շուրջ», նշած էր նախարարութիւնը:
«Ընդգծուեցաւ փոխադարձ փափաքը վերականգնելու Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը», աւելցուցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ժողովիս ընթացքին Ուքրանիոյ նկատմամբ իր դիրքորոշումներուն Ռուսիոյ հաստատ կառչածութիւնը յայտնեցի»:
«Ռուսիան ծրագրաւորման բոլոր ոլորտներուն մէջ հաշուի պիտի առնէ Եւրոպայի դէպի ռազմականացում երթը», նշեց ան` աւելցնելով. «Գերմանիոյ վարչապետը որոշեց իր երկիրը ռազմականացման մէջ ներքաշել` յայտարարելով, թէ Ուքրանիոյ մէջ դիւանագիտական գործելաոճը սպառած է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումը շինիչ էր, եւ կրնանք շարունակել ուքրանական տագնապին վերջ տալու համար բանակցութիւնները»:
«Մենք տակաւին դաշնակիցները կը քաջալերենք Ուքրանիոյ զինուորական կարողութիւններ եւ զէնքեր մատակարարելու», աւելցուց Ռուպիօ: