Զէնքի միաւորման օրակարգը կը թուի առաջնային ըլլալ Լիբանանի մէջ: Այս հանգուցալուծումէն կախեալ է նոր վարչակարգի կայացումը եւ արտաքին օժանդակութիւններով երկրին վերականգնումը: Այս համոզումը կը փոխանցուի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, խաղաղութեան եւ ապա բարգաւաճման հասնելու համար:
Այս շրջածիրին մէջ արծարծուող նիւթը Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակին պաշտօնական Պէյրութին յանձնած գրաւոր առաջարկութիւններն են եւ անոր հետեւող Լիբանանի պատասխանը:
Լիբանանի պատասխանին համար կան առարկութիւններ, որոնք կը վերաբերին անոր իրաւականութեան` կառավարութենէն կամ համապատասխան գերատեսչութիւններէն չանցած ըլլալու նշումով:
Յամենայն դէպս կայ գրաւոր առաջարկ եւ կայ պատասխան, որոնք պաշտօնապէս չեն հրապարակուած: Սակայն շրջանառութեան մէջ են գաղտնազերծուած կէտեր, որոնք կ՛արծարծուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական ու տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ:
Այսպէս: Թրքական «Անատոլու»-ն առաջին անգամը «գաղտնազերծեց» ամերիկեան առաջարկին հիմնական բաժինները: Այստեղ կրնայ դեր ունեցած ըլլալ Պարրաքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան ըլլալը Թուրքիոյ մէջ: Ըստ «Անատոլու»-ին, առաջարկը կը բաղկանայ հինգ էջերէ եւ գործադրութեան ժամկէտ չի պարունակեր: Առաջին վերնագիրը զինաթափումն է եւ զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելը, երկրորդը` ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումները կատարելը, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելն ու մաքսանենգումը արգիլելը, ինչպէս նաեւ պետական անցակէտերու վրայ մաքսատուրքերը աւելցնելն ու միջոցառումները խստացնելն է:
«Երրորդ վերնագիրը դրացի Սուրիոյ հետ ապահովական եւ քաղաքական տարբեր մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնները վերականգնելն է, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելը, ինչպէս նաեւ սահմանագծում կատարելն ու առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելը»:
Ի՞նչ է դիտարժանը այս կէտերուն մէջ: Ժամկէտ չճշդելը բանակցութիւններու դուռ կը բանայ: Ասոնք բանակցելի կէտեր են, յատկապէս անոնց կիրարկման եղանակներու վերաբերող հարցերով: Սահմաններու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու գործիքակազմերը այս բոլորին մէջ շատ պարզ չեն եւ չեն ճշդեր Միացեալ Նահանգներու դերը: Անորոշ են նաեւ մաքսատուրքերը աւելցնելու ամերիկեան պահանջին շարժառիթները: Զինայանձնումին հիմնական օրակարգը իբրեւ երրորդ կէտ այստեղ կը պայմանաւորուի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումով, Սուրիոյ հետ սահմաններու վերահսկողութեամբ եւ սահմանագծումով եւ այս բոլորին առընթեր կամ ետք` առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդումով:
Խօսքը նոր Սուրիոյ մասին է անշուշտ, եւ այս պարագային պէտք է ընկալել Իսրայէլի հետ դէպի յարաբերութիւններու բնականոնացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում ընթացող Դամասկոսին: Սուրիան ամերիկեան ազդեցութեան տարածքի վերափոխուող տարածք է այլեւս, որուն հետ Լիբանանը պիտի ունենայ սահմանագծում եւ առեւտրատնտեսական զարգացող յարաբերութիւններ:
Այս կը յուշէ, որ Սուրիայէն ետք հերթը Լիբանանին է` այս անգամ իր հարաւի երկրին հետ սահմանագծում կատարելու, որուն հետ ծովային սահմանագծումը կատարուեցաւ ամերիկացիներու մագոգային եւ աշխուժ միջնորդութեամբ:
Լիբանանի պատասխանը, ըստ յայտարարուածներուն, կը բաղկանայ 10 կէտէ: Անոնց մէջ կան Լիբանանի յանձնառութիւնը կառչած մնալու Թաէֆի համաձայնագիրին եւ 1701-ի գործադրութեան: Նաեւ գրաւուած տարածքներէն Իսրայէլի հեռացման եւ պատանդներու վերադարձի պահանջներուն: Սուրիոյ բաժինը, որ 7-րդ կէտն է, հետեւեալ կերպով ձեւակերպուած է. Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ արաբական հովանաւորութեան` Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու երթին, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ սուրիացի տեղահանուածներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը եւ կը շեշտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան կարեւորութիւնը:
Արաբական հովանաւորութիւնը կը թուի, որ պաշտպանուածութեան տանիք է, շրջանցելու համար այլ հաւանական հովանաւորութիւն մը: Նախ եւ առաջ կը շեշտէ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձի հարցը:
Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ նաեւ ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութեան հետեւեալ բաժինին վրայ: Լիբանան ստիպուած չէ որեւէ ժամանակացոյցով սահմանափակուելու, մանաւանդ որ իր իրագործել ուզածին շուրջ տարազ մը կ՛ուզէ, եւ մենք հոս ենք օգնելու համար: Լիբանանի մէջ խնդիրը Իրանը չէ, այլ լիբանանցիներուն իրարու հետ համաձայնելու անկարողութիւնը:
Ժամկէտ չպարտադրելը, ինչպէս ըսինք, բանակցային գործընթացի դուռ բանալն է: Իրանը այս հանգոյցէն դուրս ձգելը միաժամանակ թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական ենթաիմաստ կը պարունակէ: Իրանը չէ արգելակողը. խնդիրը ներլիբանանեան է: Սակայն զինայանձնումի որոշումը պարզ է, որ Իրանի հետ պէտք է համաձայնեցնել:
Չճշդուած ժամկէտը կը պայմանաւորուի ըստ էութեան Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն հետ, որոնց 6-րդ փուլի վերագործարկման մասին յայտարարութիւն հնչած է:
«Ա.»