ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը Ռուսիոյ Դաշնութիւն կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցած են Ռուսիոյ Պետական տումայի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած են «Արդար Ռուսիա» կուսակցութեան առաջնորդ Սերկէյ Միրոնովի, ինչպէս նաեւ Դաշնային ժողովի Պետական տումայի փոխնախագահ Փեոթր Թոլսթոյի եւ իշխող «Ետինայա Ռոսիա» խմբակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Վասիլեւի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն, միջազգային զարգացումներուն եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: