Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին զգուշացուց, թէ Լիբանան շրջանային ուժերու ձեռքը իյնալու վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ Հըզպալլայի զէնքի խնդիրը լուծելու քայլերու չդիմէ»:

«Լիբանան կարիքը ունի այս խնդիրը լուծելու, այլապէս կրնայ գոյութենական վտանգ դիմագրաւել», նշեց ան` աւելցնելով. «Մէկ կողմէ Իսրայէլը եւ միւս կողմէ Իրանը, իսկ հիմա Սուրիան մեծ արագութեամբ մէջտեղ կու գան, եւ եթէ Լիբանան քայլերու չձեռնարկէ, «Պիլատ Շամ»-ին պիտի վերադառնայ»:

«Սուրիացիները կ՛ըսեն, թէ Լիբանանը մեր ծովեզերեայ հանգստավայրն է, ուստի պէտք է գործի լծուինք, եւ ես գիտեմ, թէ լիբանանցի ժողովուրդը որքա՛ն հիասթափուած է, եւ ատիկա զիս կը հիասթափեցնէ», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Պարրաք Նիւ Եորքի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի սահմանափակ ժամանակի շրջագիծ մը, որ «կապուած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի համբերութեան»:

«Թէեւ ան (Թրամփը, «Ա.») իր համբերատարութեամբ ծանօթ է, սակայն այդ համբերութիւնը անսահման չէ: Ան Լիբանանը շատ կը սիրէ, եւ թերեւս Տուայթ Այզընհաուըրէն ի վեր ոեւէ ամերիկացի նախագահ այդքան սէր չէ ցուցաբերած: Իր անկեղծ գնահատանքը արտայայտեց այդ երկրին: Սակայն լիբանանցիները ոչ մէկ քայլ առին: Պէտք է այս առիթը օգտագործեն: Մեզի հետ իսկապէս դրական ընկալում կայ, ուստի լաւատես եմ, նոյնիսկ եթէ երբեմն որոշ հիասթափութիւն կը զգամ»:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի զէնքի հարցին, Պարրաք յայտնեց, որ եթէ նախարարաց խորհուրդին մէջ եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, իսկ Հըզպալլան համաձայնի աստիճանաբար հրաժարիլ իր ծանր զէնքերէն, ապա ատիկա սկիզբ մը պիտի ըլլայ:

«Լիբանանի մէջ բոլորը թեթեւ զէնք կը կրեն, սակայն այստեղ խօսքը զէնքերու մասին է, որոնք կրնան Իսրայէլի վրայ ազդել», աւելցուց ան:

«Այս հոլովոյթը աջակցութեան կը կարօտի եւ կարիքը ունի, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւն ստանայ զէնքերը հաւաքելու առաքելութիւնը կատարելու համար: Խնդիրը այն է, որ բանակի անդամները որոշ ժամանակէ ի վեր իրենց ամսականները չեն գանձած, եւ ասիկա խոչընդոտներէն մէկն է: Այս բոլորը միեւնոյն ժամանակ պէտք է տեղի ունենան», ըսաւ ան:

Պարրաք շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան կառավարութեան Հըզպալլայի զէնքի նկատմամբ քայլ առնելու ուշանալը քաղաքացիական պատերազմէն մտավախութիւնն է:

Ամերիկացի պատուիրակը միւս կողմէ նշեց, որ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում բնականաբար Լիբանան-Իսրայէլ եւ Իրաք-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացում պիտի պահանջէ:

«Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ անկեղծ էր իր դիրքորոշումներուն մէջ, երբ ըսաւ, թէ Իսրայէլի թշնամի մը չէ եւ դրական տրամադրուած է անոր հետ քննարկում կատարելու ու բանակցելու` առկայ խնդիրներուն լուծումներ որոնելու համար, եւ այս հոլովոյթը աստիճանական քայլերով կը սկսի, եւ նոյն պարագան է դրացի մնացեալ պետութիւններուն համար», ըսաւ ան:

Պարրաք յոյս յայտնեց, որ «նախագահ Թրամփի` Իրանը ռմբակոծելու աջակցելուն նման կատարած յանդուգն քայլերը առիթ ըլլան, նոյնիսկ եթէ կարճաժամկէտ են, որովհետեւ Իրանը, Համասը, Հըզպալլան եւ հուսիները ներկայիս ժամանակաւոր նահանջի կացութեան մէջ են: Իսկ մնացեալ պետութիւնները առիթ ունին իրենք զիրենք վերաիմաստաւորելու»:

«Որոշումը այդ պետութիւններուն կը պատկանի», ըսաւ Պարրաք` աւելցնելով. «Հոլովոյթը աստիճանական քայլեր կը պահանջէ, եւ ես կը հաւատամ, թէ այդ քայլերը իրապէս տեղի կ՛ունենան, եւ բոլորը այդ ուղղութեամբ ընթանալու համար պատասխանատուութեամբ կը վարուին»:

Ամերիկացի պատուիրակը երէկ նշեց. «Երէկուան խօսքերս Սուրիոյ իրագործած հոյակապ յառաջդիմութեան գովասանք էին, եւ ոչ թէ` Լիբանանին ուղղուած սպառնալիք»:

Պարրաք ընդգծեց. «Կրնամ վստահեցնել, թէ Սուրիոյ ղեկավարները Լիբանանի հետ համակեցութիւն եւ փոխադարձ բարգաւաճում կ՛ուզեն, եւ Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աջակցելու իրարու հաւասար, գերիշխան եւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճում վայելող երկու դրացիներուն միջեւ այդ յարաբերութիւնը»:

Նախորդը

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յաջորդը

Պարրաք. «Ուաշինկթըն Իր Ուժերը Սուրիայէն Ամբողջովին Հեռացնելու Չ՛աճապարեր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?