Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս Իր Պահանջներուն Վրայ Կը Պնդէ, Իսկ Նեթանիահու Կ՛ուզէ Գործարք Կնքել, «Սակայն Ոչ Որեւէ Գինով»

July 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պնդեց, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունին հասարակաց նպատակ, որ պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ պահուող իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակումն է, ինչպէս նաեւ կնքել գործարք մը, «սակայն ոչ որեւէ գինով»:

«Իսրայէլ յաւելեալ պահանջներ ունի, եւ մենք միասնաբար կ՛աշխատինք անոնց իրագործման համար», նշեց Նեթանիահու:

Մինչ Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Համաս շարժումն ու Իսրայէլը զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութեան կը մօտենան, Համաս շարժումի ղեկավարներէն Թահեր Նունու «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ շարժումը կը վարէ բանակցութիւններ, որոնք դիւրին չեն, եւ անոնց ընթացքին կը քննարկուին երկու հիմնական հարցեր` օժանդակութիւններուն առանց Իսրայէլի միջամտութեան ազատ հոսքը, ինչպէս նաեւ առաջին փուլին իսրայէլեան ուժերու հեռացման գիծերը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Իսրայէլ կը պահանջէ Կազայի շուրջ մէկ երրորդին, ներառեալ Ռաֆահ եւ Խան Եունես քաղաքներուն միջեւ գտնուող Մուրաղ առանցքին վրայ վերահսկողութիւնը պահպանել, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւններու ցրուումին ամերիկեան աջակցութիւն վայելող «Կազայի մարդասիրական հաստատութեան» վիճելի համակարգը պահպանել:

Համաս շարժումը յայտնեց, որ կը շարունակէ Կազայի մէջ համապարփակ համաձայնութեան գոյացման շուրջ Տոհայի մէջ ընթացող բանակցութիւնները յաջողցնելու իր ջանքերը, իսկ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նշեց, որ Համաս եւ Իսրայէլ կրնան զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան հասնիլ մէկ կամ երկու շաբաթէն:

Նեթանիահու երէկ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներուն յայտնեց. «Աշխատանք պիտի տեսնենք զինադադարի ընթացքին պատերազմին վերջ տալու»:

«Կազայի մէջ համապարփակ համաձայնութեան մը գոյացումը անկարելի է», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Քուալալամփուրի Մէջ Ռուպիօ-Լաւրով Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.