ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտէն ուժային կառոյցները դարձեալ ներխուժած են ՀՅԴ-ի անդամներու տուներ: Խուզարկութիւններ իրականացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի աշխատակազմի ղեկավար Վահագն Մատինեանի տան:
Բերման ենթարկուած է ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի անդամ Արսէն Մարտոյեան:
Խուզարկութիւն կատարուած է նաեւ «Եղուարդ» խոշորացուած համայնքի աւագանիի անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գէորգ Մուրադեանի տան մէջ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ապօրինաբար գրաւած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հեռաձայնը, իսկ որդին` Տարօն Մանուկեանը, ձերբակալած:
Խուզարկութիւններուն հիմամբ ՀՅԴ-ի ձերբակալուած անդամները տեղափոխած են Պարոյր Սեւակ 4 հասցէին մէջ գտնուող Երեւան քաղաքի քննչական վարչութիւն: Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն յայտարարեց, որ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան դէպքի առիթով ձերբակալուած է 7 հոգի:
Աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Յայտնում ենք, որ դաշնակցականների տների խուզարկութեան արդիւնքում որեւէ ապօրինի առարկայ չի յայտնաբերուել: Առգրաւուած բոլոր զէնքերը օրինական են:
Նկարներում պատկերուած առարկաների մեծ մասը, այդ թւում` նռնականման առարկան նախատեսուած է «Սթրայքպոլ» խաղի համար:
Նռնականման առարկայի ներսում պահուել են «Սթրայքպոլ» խաղի համար նախատեսուած սիսեռի հատիկներ»: