Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

July 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Այս մասին երէկ յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան:

«Այսօր Ապու Տապիի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:

«10 յուլիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ, Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկկողմանի հանդիպում` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ», յայտնած է Բաղդասարեան:

Փաշինեան եւ Ալիեւ վերջին անգամ հանդիպած էին մայիսին Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ: Հանդիպումէն ետք Երեւան միայն հաղորդեց. «Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի համաձայնեցումը»:

Կողմերը քննարկած էին ընթացիկ կացութիւնը եւ կարեւոր նկատած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ հոլովոյթի շարունակականութիւնը:

«Միտըլ Իսթ Այ» պարբերականը նախապէս հաղորդած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը յուլիսի վերջին պիտի հանդիպին Տուպայի մէջ` աւելցնելով, որ կը սպասուի, որ Ալիեւն ու Փաշինեանը քննարկեն խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն ծանօթ աղբիւր մը «Միտըլ Իսթ Այ»-ին յայտնած է, թէ Ալիեւ սերտ յարաբերութիւն ունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փափաքին երկու կովկասեան երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իրենց ջանքերուն ծիրին մէջ բանակցութիւնները հիւրընկալել:

Միւս կողմէ, «Թիւրքիէ Թուտէյ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող չհաստատուած լուրերու համաձայն, Հայաստան, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «ՔոքըսըսՈւարՌիփորթ»-ը «Էքս»-ի վրայ պնդած է. «Մինչեւ պաշտօնական մանրամասնութիւններու հրապարակուիլը երկար մեկնաբանութիւն պիտի չկատարենք, սակայն Հայաստանը, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս Թուրքիա այցելութեան ընթացքին «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս համաձայնութեան հիմամբ, Ռուսիան միջանցքին վրայ զերօ վերահսկողութիւն պիտի ունենայ` գործնականին մէջ ամբողջութեամբ դուրս մնալով»:

«ԱզերիԹայմզ» իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Գոյութիւն ունին շարք մը տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութեան կը մօտենան` կարողական կերպով լուսանցքայնացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը»:

Մինչ այդ, բանակցութիւններու ծանօթ դիւանագիտական աղբիւրներ «Քառնըկի Ընտաումընթ ֆոր Ինթըրնեշընըլ Փիս»-էն Օլեսիա Վարդանեանին յայտնած են, թէ Թրամփի վարչակազմը շրջանառութեան մէջ դրած է առաջարկ մը Հայաստանի հարաւային Սիւնիք մարզէն անցնող անցքի հարցը իր անել կացութենէն դուրս բերելու համար:

Ամերիկեան առաջարկին համաձայն, ամերիկեան գումակային ընկերութիւն մը պիտի ստանձնէ անցքին կառավարումն ու վերահսկողութիւնը, այդպիսով բաւարարելով Պաքուի երկարատեւ ապահովական երաշխիքներու պահանջը եւ պահպանելով միջանցքին վրայ Երեւանի գերիշխանութիւնը:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Ակնարկ. Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.