Երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը, որ, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, տեւած է շուրջ 5 ժամ:
Նշեալ լրատուամիջոցներուն համաձայն, հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը 2 անգամ բանակցած են ընդլայնուած կազմով եւ 2 անգամ ալ Փաշինեան-Ալիեւ դէմ առ դէմ ձեւաչափով:
Հանդիպումին հայկական կողմէն ներկայ եղած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ազգային անվտանգութեան քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:
Ազրպէյճանական կողմէն հանդիպումին ներկայ եղած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, փոխվարչապետ եւ Ազրպէյճան-Հայաստան սահմանազատման յանձնախումբի նախագահ Շահին Մուսթաֆայեւ, Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ, Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի տարբեր երեւոյթներ:
Կողմերը հաստատած են, որ երկկողմանի բանակցութիւնները յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերող բոլոր հարցերը հասցէագրելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւաչափն են, եւ այդ հիմքով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակել արդիւնքին միտուած այդպիսի երկխօսութիւնը:
Երկիրներու ղեկավարները, նշելով սահմանազատման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը, յանձնարարած են համապատասխան պետական յանձնախումբերուն շարունակել գործնական աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:
«Կողմերը նաեւ համաձայնած են շարունակել երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի բանակցութիւնները եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամատ Պըն Զայետ Ալ Նահիանին` ջերմ հիւրընկալութեան եւ երկկողմանի հանդիպումը կազմակերպելու համար: