Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Ըստ «Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան, նախագահն ու վարչապետը քննարկած են ելեւմտական եւ արդարադատական ոլորտի նշանակումները:
Պատկերասփիւռի կայանը կ՛աւելցնէ, թէ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ նախարարաց խորհուրդը իր այսօրուան նիստի ընթացքին պիտի յայտարարէ Դրամատուներու հսկողութեան յանձնախումբի անդամներու նշանակումը: