Գլխաւոր լուրեր

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 10 յունիս 2025-ին սկսան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար յաջորդական նիստերը: Շաբթուան մը վրայ երկարող այս նիստերուն կը մասնակցին նաեւ թեմակալ առաջնորդներն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու ազգային վարչութիւններու ներկայացուցիչները: Հանգամանաւոր նիստերուն կը քննարկուին կաթողիկոսութեան ընդհանուր գործունէութեան զանազան ոլորտները, անոր պատկանող հաստատութիւններու աշխատանքները,...

Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր  Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»

Թրամփ. «Չեմ Ըսեր, Թէ Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Մօտալուտ Է, Սակայն Անոր Հաւանականութիւնը Մեծ Է. Իրան Պէտք Է Զիջումներ Կատարէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտնեց. «Կ՛ուզեմ խուսափիլ Իրանի հետ հակամարտութենէ, եւ Իրան պէտք է զիջումներ կատարէ»: «Չեմ ըսեր, թէ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը մօտալուտ է, սակայն անոր հաւանականութիւնը մեծ է», շեշտեց ան: Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ ստացած են տեղեկութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու:...

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան  Կառավարիչներու Խորհուրդ. «Իրան Չի Կատարեր  Հիւլէական Պարտաւորութիւնները»

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Կառավարիչներու Խորհուրդ. «Իրան Չի Կատարեր Հիւլէական Պարտաւորութիւնները»

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդը երէկ որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն համաձայն, Իրան չի կատարեր իր հիւլէական պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»: «Դիւանագէտներու համաձայն, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան Կառավարիչներու խորհուրդի անդամ 19 երկիր թեր քուէարկած է բանաձեւին... Ռուսիան, Չինաստանը եւ Պուրքինա Ֆասոն քուէարկած են դէմ, 11 երկիր մնացած է ձեռնպահ, իսկ երկու երկիր չէ քուէարկած», կը հաղորդէ...

Փեզեշքիան. «Առաջնորդը Յստակ Յայտարարած Է`  Իրան Հիւլէական Զէնք Պիտի Չստեղծէ»

Փեզեշքիան. «Առաջնորդը Յստակ Յայտարարած Է` Իրան Հիւլէական Զէնք Պիտի Չստեղծէ»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ բանակցութեան հիմքը Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի կողմէ սահմանուած կէտերն են եւ ոչ թէ այլ երկիրներու կողմէ ճնշումները կամ հարկադրանքը: «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները կը կառուցուին յեղափոխութեան առաջնորդի որոշած քաղաքականութեան հիման վրայ: Մենք երբեք պիտի չընդունինք այն պայմանները, որոնց պարագային պէտք է ամբողջութեամբ դադրեցնենք գիտական հետազօտութիւնները, իսկ...

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընելու գործընթացի մեկնարկային փուլն է: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համաձայնած են, եւ դիմումը` ներկայացուած: Իրաւական գետնի վրայ անոր կայանալու հնարաւորութիւնը տակաւին թէական է: Սահմանադրութիւնը իրաւակարգ սահմանած է նման գործընթաց սկսելու եւ ընդհանրապէս գործող վարչապետը իր պաշտօնէն հեռացնելու առումով: Ըստ էութեան  վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու համար 115-րդ յօդուածը այս դրոյթները կը սահմանէ: Յօդուած 115. 1.- Վարչապետին անվստահութիւն...

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները երէկ հանդիպում ունեցան, սակայն ըստ էութեան կողմերը հանգուցալուծման չյանգեցան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու հարցին շուրջ: Տակաւին քննարկման ընթացքին «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան ընկերային ցանցի վրայ հրապարակեց իրենց 6 պատգամաւորներու ստորագրութիւնները` ակնյայտօրէն ակնարկելով, որ ընդդիմադիր մեծագոյն` «Հայաստան» խմբակցութիւնը տակաւին չէ ստորագրած այդ ձեւաթուղթին տակ: «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներուն...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

«Կը հաւատամ, որ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ օգնութեամբ, ձեզի հետ միասին խոհեմօրէն, առանց աւելորդ յուզականութեան, ընդվզումներու, պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարութիւնը», յայտարարեց նախանցեալ կէս գիշերին Երեւան վերադարձած Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմելով իրեն դիմաւորելու եկած հաւատացեալներուն: «Գիտեմ, որ եկած էք ձեր վրդովմունքը յայտնելու վերջին օրերուն հանրապետութեան վարչապետին կողմէ թոյլ տրուած եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու հասցէին ուղղուած արտայայտութիւններուն առնչութեամբ:...

Արաղչի. «Կիրակի Օր Բանակցութիւններու  Շարունակումով Յստակ Դարձաւ, Թէ Իրանի  Հիւլէական Ծրագիրի Խաղաղ Բնոյթը  Երաշխաւորող Համաձայնութիւն Մը Հասանելի Դարձաւ»

Արաղչի. «Կիրակի Օր Բանակցութիւններու Շարունակումով Յստակ Դարձաւ, Թէ Իրանի Հիւլէական Ծրագիրի Խաղաղ Բնոյթը Երաշխաւորող Համաձայնութիւն Մը Հասանելի Դարձաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ կիրակի օր բանակցութիւններու շարունակումով յստակ դարձաւ, թէ իրանեան հիւլէական ծրագիրի խաղաղ բնոյթը երաշխաւորող համաձայնութիւն մը հասանելի դարձաւ»: Արաղչի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն դիրքորոշումը, թէ Իրան պէտք չէ հիւլէական զէնք ունենայ, իրանեան հիւլէական հայեցակարգին համահունչ է եւ կրնայ համաձայնութեան հիմք ստեղծել: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք...

«Եթէ Բանակցութիւնները Ձախողին, Եւ Պատերազմը  Պարտադրուի, Շրջանին Մէջ Ամերիկեան  Ռազմակայանները Պիտի Հարուածենք»  Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Եթէ Բանակցութիւնները Ձախողին, Եւ Պատերազմը Պարտադրուի, Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէ յայտարարեց. «Եթէ բանակցութիւնները ձախողին ու պատերազմը պարտադրուի, շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները պիտի հարուածենք, եւ ամերիկացիները պէտք է հեռանան շրջանէն»: «Մեր զինուորական ձեռքը ամէնէն երկարն է, եւ անցեալ շաբաթ յաջողութեամբ փորձարկեցինք հրթիռ մը, որ 2 թոն կշռող մարտագլխիկ կը կրէ», ըսաւ ան: Նասիրզատէ նաեւ նշեց. «Թշնամին մեծ վնասներ պիտի կրէ, եթէ մեզի պատերազմ պարտադրէ»: «Պիտի չընդունինք,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Այսօր, երբ հաւաքական հայ ժողովուրդը անվտանգային լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երբ յաղթահարուած չեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, երբ ազգային համախմբումը եւ միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են, իշխող վարչախումբը բացայայտ արշաւ սկսած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, անոր ազգընտիր հայրապետին եւ եպիսկոպոսաց դասին նկատմամբ: Մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկուն նկատմամբ վարչախումբի արգահատելի նպատակադրումները եւ հռետորաբանութիւնը ակնյայտօրեն ապազգային...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Հանդիպած Են  Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արսէն Համբարձումեան 10 յունիսին ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ ընդունած են Հայաստանի մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիւ Թըրնըրը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ, անդրադարձած են շրջանային քաղաքական զարգացումներուն: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները գոհունակութիւն յայտնած են հայ ժողովուրդի...

Վելայաթի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Նպատակ Ունէր  Մասնատել Հայաստանը Եւ Կտրել Եւրոպայի Հետ  Իրանի Կապը. Թեհրան Խափանած Է Այս Դաւադրութիւնը»

Վելայաթի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Նպատակ Ունէր Մասնատել Հայաստանը Եւ Կտրել Եւրոպայի Հետ Իրանի Կապը. Թեհրան Խափանած Է Այս Դաւադրութիւնը»

Իրան արագ եւ վճռական արձագանգ տուած է Հարաւայի Կովկասի մէջ ճգնաժամին: Երբ որոշ երկիրներ փորձած են Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կապ ստեղծել Հայաստանի միջոցով` «Զանգեզուրի միջանցք» անուան տակ, ծրագիր մը, որ իրականութեան մէջ նպատակ ունէր մասնատել Հայաստանը եւ կտրել Եւրոպայի հետ Իրանի կապը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը զգօնութեամբ եւ հեղինակութեամբ դիմակայած է զայն` խափանելով այս դաւադրութիւնը: Այս մասին իրանեան «Թասնիմ» լրատու...

Լիբանան-Յորդանան Վեհաժողովի Ընթացքին  Համակարգումի Եւ Խորհրդակցութեան  Շուրջ Համաձայնութիւն

Լիբանան-Յորդանան Վեհաժողովի Ընթացքին Համակարգումի Եւ Խորհրդակցութեան Շուրջ Համաձայնութիւն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամման` ընդառաջելով Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրին: Նախագահ Աուն հասաւ Յորդանանի Մարքա զինուորական օդակայան, ուր զինք դիմաւորեց Ապտալլա Բ. թագաւորը: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան կը գնահատէ դժուար պահերուն Յորդանանի` Լիբանանի կողքին կանգնիլը: «Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ հասարակաց տագնապներու դիմակայման, ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան վտանգներուն դէմ դնելուն ու մեր պետութիւններուն անվտանգութիւնն ու...

Պիտիասի Եւ Տէյր Քանունի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Վրայ Անջատ Յարձակումներ

Պիտիասի Եւ Տէյր Քանունի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վրայ Անջատ Յարձակումներ

Երկու անջատ դէպքերու ընթացքին Պիտիասի եւ Տէյր Քանունի բնակիչները արգելք հանդիսացած են պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու: Երիտասարդ մը ապտակած է ՖԻՆԻՒԼ-ի զինուորներէն մէկը: Մեկնաբանելով երկու դէպքերը` ՖԻՆԻՒԼ շեշտեց, որ ազատ շարժումը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան գործադրութեան հիմնական պայման կը նկատուի, եւ ատիկա կը ներառէ անկախ եւ անկողմնակալ կերպով աշխատելու կարողութիւնը: ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժը իր զինուորներուն թիրախաւորման շարունակումը նկատեց անընդունելի եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն...

Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին

Խմբագրական. 17-րդ Եւ 18-րդ Կէտերը

Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի  եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին: Առաջինը Պեռնի մէջ կայացած համագումարին առիթով Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքի միջազգայնացման փորձն է եւ ժամանակի առումով համընկնումը Ազրպէյճանի հոգեւոր պետին հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան դէմ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն: Երկրորդը, որ  կը թուի աւելի համոզիչ ըլլալ, 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ եկեղեցւոյ...

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պիտի Միանայ  «Պատիւ Ունեմ»-ի Նախաձեռնած Անվստահութիւն  Յայտնելու Գործընթացին

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պիտի Միանայ «Պատիւ Ունեմ»-ի Նախաձեռնած Անվստահութիւն Յայտնելու Գործընթացին

Հայաստանի Ազգային ժողովի մեծագոյն ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է, որ պիտի ապահովեն պակսող պատգամաւորներու ստորագրութիւնները` Ազգային ժողովին մէջ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց նախաձեռնելու համար: ««Հայաստան» խմբակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով աւելի կանուխ կատարուած յայտարարութեան, կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` ապահովելու պակսող 28 պատգամաւորի ստորագրութիւնները ողջմիտ ժամկէտներու մէջ` Ազգային ժողովին մէջ անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց նախաձեռնելու...

Բագրատունի. «Պահանջուածը Լիբանանի Մէջ Օտարներու  Ծրագիրները Գործադրելէն Խուսափիլն Է Եւ Արտաքին  Միջամտութիւններէ Հեռու Երկրի Կայունութեան Երաշխաւորման Վրայ Աշխատիլը»

Բագրատունի. «Պահանջուածը Լիբանանի Մէջ Օտարներու Ծրագիրները Գործադրելէն Խուսափիլն Է Եւ Արտաքին Միջամտութիւններէ Հեռու Երկրի Կայունութեան Երաշխաւորման Վրայ Աշխատիլը»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս շաբաթ Լիբանանի մէջ նախատեսուող դիւանագիտական այցելութիւններէն մեծ բան չի նախատեսեր: «Հակառակ Պէյրութ այցելութիւններուն, որոնք արտաքին կողմերու Լիբանանի մէջ ունեցած շահերուն ծիրին մէջ են, ոմանց կարծածին նման մենք առաջնահերթութիւն չենք», ըսաւ ան: «Երկրին մէջ արձանագրուող զարգացումները կրնան Սուրիոյ...

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Պաղայի. «Մօտ Օրէն Պիտի Ներկայացնենք Հիւլէական Համաձայնութեան Վերաբերեալ Առաջարկ Մը, Եւ Ամերիկեան Կողմին Խստօրէն Խորհուրդ Կու Տանք Այս Առիթը Օգտագործելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Մօտ օրէն Օմանի ճամբով պիտի ներկայացնենք Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ առաջարկ մը` անմիջապէս որ անիկա ամբողջանայ»: «Առաջարկը խելամիտ, տրամաբանական եւ հաւասարակշռուած է, եւ մենք ամերիկեան կողմին խստօրէն խորհուրդ կու տանք այս առիթը օգտագործելու», նշեց Պաղայի: Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւր մը աւստրիական պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ գոյութիւն ունին արեւմտեան ջանքեր`...

Լոս Անճելըսի Մէջ Բախումներ` Ոստիկանութեան  Եւ Գաղթականներու Ձերբակալման Քաղաքականութեան Ընդդիմացող Ցուցարարներու Միջեւ

Լոս Անճելըսի Մէջ Բախումներ` Ոստիկանութեան Եւ Գաղթականներու Ձերբակալման Քաղաքականութեան Ընդդիմացող Ցուցարարներու Միջեւ

Լոս Անճելըսի մէջ անկարգութիւններու 3-րդ օրուան ընթացքին գաղթականներու ձերբակալման քաղաքականութեան ընդդիմացող ցուցարարներ ինքնաշարժներ հրկիզեցին եւ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանով ուղարկուած ազգային անվտանգութեան ուժեր տեղակայուեցան Լոս Անճելըսի մէջ: Ծագումով հարաւային ամերիկացի մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ գաղթականներու ձերբակալման գործողութիւնները մեծ զայրոյթ յառաջացուցին: Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կաւըն Նիուսըն յայտարարեց. «Որեւէ խնդիր չունէինք, մինչեւ որ Թրամփ միջամտեց»: «Ասիկա...

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակի հերթական առցանց նիստը կայացաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Ժողովը նախ լսեց զեկուցում Պեռնի մէջ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նուիրուած համագումարին մասին: Խօսուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար առնուած տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին. յատկապէս ընդգծուեցաւ խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութիւնը, որ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ Արցախի ու Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն: Այս շրջածիրին...

Page 93 of 795 1 … 92 93 94 … 795

Արխիւներ