Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման շեմին է: Այս մասին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին համար գրուած յօդուածի մը մէջ գրած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Սթիւ Տէյնս:
«Ասիկա պիտի ըլլայ նշանաւոր ձեռքբերում` քայլ մը եւս դէպի կայունութիւն, որ պիտի նպաստէ շրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական օգուտներուն, որոնք դուրս կու գան մասնակից երկիրներու շրջանակներէն:
«1980-ականներու վերջէն Խորհրդային Միութեան նախկին մասերը կազմող Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնուին դանդաղ ընթացող տագնապի մէջ, որ կ՛ուղեկցուի լուրջ բռնութեան պարբերական բռնկումներով: Խաղաղութեան հաստատման բազմաթիւ փորձեր եղած են անարդիւնաւէտ կամ ոչ հեռատես: Նախորդ վարչակազմերը առաջնահերթ ուշադրութիւն չեն դարձուցած շրջանին եւ խաղաղ բանակցութիւններուն», նշած է ան:
Ծերակուտականին համաձայն, Թրամփ կը նպաստէ շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս աճին ու կայունութեան:
Տէյնս աւելցուցած է, որ յանուն շրջանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ կայունութեան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները պէտք է անյապաղ աւարտին հասցնեն ատոր ստորագրումը:
Միւս կողմէ, ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան Տումայի մէջ պաշտօնական թղթակից Ալեքս Ռաուֆօղլու ընկերային ցանցի վրայ գրած է, թէ ուրբաթ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ վեհաժողովի վերաբերեալ նոր մանրամասնութիւններ յայտնի դարձած են:
«Թրամփ նախ պիտի հանդիպի վարչապետ Փաշինեանի հետ: Ապա ան պիտի ընդունի Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը: Ատկէ ետք երեք ղեկավարները միացեալ յայտարարութիւն պիտի կատարեն», նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռաուֆօղլու նախքան այդ հաղորդած էր, թէ Թրամփ ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պատրաստ են այս շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ յայտարարել խաղաղութեան իրենց մտադրութեան մասին», նշած էր ան:
«Միտըլ Իսթ Այ»-ը իր կարգին յղում կատարելով իր աղբիւրներուն հաղորդեց. «Կը սպասուի, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիր` պարտաւորուելով ձգտիլ խաղաղութեան»:
Օրաթերթի աղբիւրները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան մէջ ստորագրման արարողութեան ժամանակ պիտի ընդունի Ալիեւն ու Փաշինեանը:
«Կը սպասուի, որ երկու ղեկավարները պիտի ստորագրեն «Մտադրութիւններու մասին յուշագիր», ոչ թէ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծ, ինչ որ Թրամփին պիտի ապահովէ դիւանագիտական նուաճում, որուն ան անցեալ ամիս կը ձգտէր շրջանին մէջ», կը գրէ օրաթերթը:
Յատկանշական է, որ ըստ «Միտըլ Իսթ Այ»-ի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երկուշաբթի օր հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանին, որպէսզի անոր տեղեկացնէ վեհաժողովի մասին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները յայտնած էին, որ Ֆիտան Պայրամովի հետ քննարկած է երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր: