Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Զէնքի Մենաշնորհումի Քննարկումը Շարունակել Հինգշաբթի Օր»

August 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն մեկնարկէն առաջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը ունեցան առանձին հանդիպում մը:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ընթացք առած ժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան շուրջ ժամը 8:30-ին:

Ժողովի աւարտին վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտարարեց, որ ամերիկեան փաստաթուղթի քննարկումը 7 օգոստոսին պիտի շարունակուի, եւ բանակին պարտականութիւն տրուեցաւ մինչեւ այս տարուան աւարտը զէնքի մենաշնորհման ծրագիր մշակելու եւ զայն 31 օգոստոսին ներկայացնելու նախարարաց խորհուրդին:

Սալամ ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը, հիմնուելով կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վրայ, յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան, ընդգծելով որեւէ յարձակումի պարագային Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը:

Կառավարութեան բանբեր, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս իր կարգին յայտարարեց. «Նախագահ Աուն վերստին ընդգծեց երկրին վայելած դրական երեւոյթներուն վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութիւնը, եւ շեշտեց, թէ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կրնայ լուծել խնդիրները, եւ ողջունեց խորհրդարանի շարք մը օրէնքներու որդեգրումը»:

«Սալամ շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերեալ արդարութիւնը սակարկելի չէ, եւ զօրակցեցաւ հանրապետութեան նախագահին ելեւմուտքի բացի օրէնքի վերաբերեալ խօսքին», ըսաւ ան:

Մըրքոս նաեւ նշեց. «Շիի երկեակի նախարարները նիստէն հեռացան, որովհետեւ համաձայն չեն զէնքի մենաշնորհումի վերաբերեալ նախարարաց խորհուրդի որոշումին»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Կայունութիւնը Տնտեսական Վերականգնման Հիմնական Մուտքն Է»

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.