Քրեմլինին մօտիկ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաւանական է, որ պիտի չյարգէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ճշդած ժամկէտը, որ ուրբաթ օր կ՛աւարտի»:
«Փութին մտահոգ է Թրամփի դժգոհութենէն եւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու վերջերս արձանագրուած վատթարացումէն», նշած է աղբիւրը:
Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց. «Փութին չի կարծեր, որ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու ժամանակը հասած է, մինչ իր ուժերը պատերազմի դաշտին վրայ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն, եւ ան կառչած կը մնայ Ուքրանիոյ մէջ չորս շրջաններու վրայ ամբողջական վերահսկողութեան նպատակին»:
Միւս կողմէ, Թրամփ երէկ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի դադրի մարդիկ սպաննելէ, եթէ ուժանիւթի գիները նուազին»: