Բազում մարտահրաւէրներու դիմակայման հրամայականներու առջեւ կանգնած վիճակի մէջ է, որ Լիբանան նշեց իր Բանակի օրը:
Վերջին ժամանակահատուածը նկատի առած պէտք է արձանագրել, որ բանակը ըստ էութեան հիմնական այն եզակի հաստատութիւնն էր, որ մնաց միաւորուած, գործունեայ եւ հասու` իրեն վերապահուած գործառոյթները իրականացնելու, երբ ամէն գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւն կա՛մ թափուր էր, կա՛մ կաթուածահար վիճակի մէջ յայտնուած: Քաղաքական անորոշութեան եւ տնտեսական ճգնաժամի, առաւել եւս պետական հաստատութիւններու անդամալոյծ եւ գրեթէ կազմալոյծ վիճակի մէջ բանակը շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ պահպանեց համեմատական ապահովութիւնը:
Ասիկա անշուշտ միայնակ եւ ինքնուրոյն հանգամանքներով բացատրելը քաղաքականօրէն շատ համոզիչ պիտի չըլլար: Կար արտաքին օժանդակութիւն, յատուկ վերաբերում բանակին, որպէսզի վերջին պետական օղակը չքանդուէր եւ այդպիսով ամբողջովին տապալած ու ձախողած պետութիւններու շարքին չյայտնուէր Լիբանանը: Բանակին անհրաժեշտ էր այնքան մը օժանդակութիւն վերապրելու, միաւորուած մնալու եւ իրականացնելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Ներքին առումով սակայն աշխատեցաւ միջհամայնքային ներդաշնակ համակեցութիւնը: Եւ բանակը մնա՛ց ամբողջ Լիբանանին բանակը: Չանդամահատուելու եւ միաւորուած մնալու, չպառակտուելու եւ պառակտուելով երկիրը բաժանումի չտանելու բանակի ամբողջական երեւոյթը դարձաւ այն երաշխիքը, որ հեռանկարը բաց պահեց այս երկրին դէպի ամբողջական կազմաքանդումի կամ մասնատուելու երթը արգելակելու առումով:
Եւ պատահական չէ, որ ի գին սահմանադրական համապատասխան յօդուածի շրջանցումին արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Լիբանանը բաղկացնող իրերամերժ հոսանքներ, ուժեր, խորհրդարանական խմբակցութիւններ կ՛որոշեն համաձայնիլ բանակի հրամանատարի թեկնածութեան շուրջ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:
Հիմա բազմապատկուած են մարտահրաւէրները: Ներքինը սերտօրէն կապ ունի անշուշտ արտաքինին հետ, որ լի է բազում վտանգներով: Մեր դրացի երկրին մէջ սպանութիւններ, զանգուածային ջարդեր, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ չկայ միաւորուած բրգաձեւ կեդրոնաձիգ բանակ: Կան հովանաւորութիւն եւ աջակցութիւն վայելող տարբեր զինեալ խմբաւորումներ, որոնք կը գործեն անարգել, կը գործադրեն ռազմական յանցագործութիւններու նորագոյն գործողութիւններ:
Այդ վայրագութիւնները Լիբանանէն շատ հեռու միջավայրերու մէջ չէ, որ կը պատահին: Նման փորձեր եղած են նաեւ լիբանանեան տարածքներու վրայ, որոնք կասեցուած են բանակի միջամտութիւններով: Ահաբեկչութիւններու երեւոյթը Լիբանանի շուրջն է, եւ ահա այստեղ բանակէն կ՛ակնկալուի կանխարգիլել ամէն տեսակի ոտնձգութիւն եւ նմանօրինակ դէպքերու հաւանականութեան բացառում:
Միջազգային ընտանիքը եթէ բանակի վերապրումին եւ կայացումին համար օժանդակութիւններ տրամադրած է ու կը շարունակէ տրամադրել, ապա անիկա անպայման անվտանգային երաշխիքներ ապահովելու առաջադրանքէն չի մեկնիր: Բանակը այդ հայեցակէտով Հըզպալլան փոխարինելու գործիք է, որուն պէտք է աջակցիլ:
ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը առանցքային դեր վերապահած է բանակին: Զէնքի մենաշնորհումի օրակարգը միջազգայնացած է բոլոր ժամանակներէն աւելի: Սկզբունքային առաջադրանք է, որ բանակը պիտի վերահսկէ ամբողջ երկրի տարածքին եւ պիտի ունենայ զէնքի մենաշնորհը: Մինչեւ այդ առաջադրանքի իրականացումը պայմաններ կան, յատկապէս Իսրայէլի կողմէ կատարուելիք, որոնք կ՛ուշանան:
Լիբանանի բանակը իր ամբողջական լիազօրութիւններու եւ մենաշնորհումներու տիրապետումի գործընթացը պիտի իրականացնէ անցնցում, հանգրուանային եւ զուգահեռ կշռոյթներով: Որպէսզի դառնայ ամբողջական հասկացողութեամբ իրողական երաշխիք` անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան: