Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ  Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Թրամփ. «Ուիթքոֆը Կամ Վանսը Պիտի Ղրկեմ Իրանցիներուն Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը կամ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանսը պիտի ղրկեմ իրանցիներուն հետ հանդիպում ունենալու, սակայն հարցը կախեալ է, թէ Ուաշինկթըն վերադառնալէս ետք ի՛նչ պիտի պատահի»: Նշենք, որ Թրամփ աւարտէն առաջ լքած էր Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովը: «Իրանի հետ հիւլէական խնդիրին իսկական աւարտ մը կ՛ուզենք, եւ...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր  Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու  Առաջարկ Մը Քննարկած Է

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Երկուշաբթի Օր Իրանի Հետ Ժողով Գումարելու Առաջարկ Մը Քննարկած Է

Չորս աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունը Իրանի հետ կը քննարկէ այս շաբաթ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը: Աղբիւրները ամերիկեան կայքին ըսած են, թէ հանդիպումին նպատակը հիւլէական համաձայնութեան հասնելու եւ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմին վերջ տալու նախաձեռնութիւն մը քննարկելն է: Չորս աղբիւրները աւելցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Յայտարարութիւն Սիւնիքի Մարզին Նկատմամբ Յառաջացած Անմիջական Սպառնալիքին Վերաբերեալ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը իր խոր մտահոգութիւնն է յայտնում, տարածաշրջանային մագլցումի պայմաններում, Ազրպէյճանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի նկատմամբ ահագնացող սպառնալիքների առնչութեամբ: Իրանաիսրայէլական հակամարտութեան համատեքստում աշխարհաքաղաքական անկայունութիւնը խորացել է` ստեղծելով ազրպէյճանական յարձակողապաշտ գործողութիւնների յաւելեալ սպառնալիք, որոնք վտանգում են Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: Մենք կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանը` անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել, որպէսզի կանխուի Հայաստանի դէմ հերթական նախայարձակումը: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմիցս...

Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներկայացուցիչ  Ապտելռահման Սոլհի

Բագրատունի Այցելեց Արաբական Լիկայի Ներկայացուցիչ Ապտելռահման Սոլհի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Ապտելռահման Սոլհի հետ, վերջինիս բնակարանին մէջ: Քննարկումի նիւթ դարձան արաբական աշխարհի ընդհանուր կացութիւնը, շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ այս ուղղութեամբ Արաբական լիկայի դերակատարութիւնը: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումներուն եւ հաւանական զարգացումներուն: Լիկայի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեց այս ուղղութեամբ արաբական...

Ակնարկ.  Միջնորդութեան Առաջարկներուն Արգելքները

Ակնարկ. Միջնորդութեան Առաջարկներուն Արգելքները

Իսրայէլ-Իրան պատերազմի դադրեցման համար Մոսկուայի առաջարկները հիմնական երկու բաժին ունին: Նախ անշուշտ պատրաստակամութիւն` միջնորդական դեր ստանձնելու եւ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութիւնը կարգաւորելու: Այստեղ արտասովոր հարց չկայ. նկատառելի փոքր բաժին մը կայ` անհրաժեշտութեան պարագային: Ըսել կ՛ուզուի պարզապէս, եթէ կողմերը համաձայն ըլլան Ռուսիոյ միջնորդութեան: Լռելեայն հասկնալի է, որ կողմերու պարագային իրանեան համաձայնութիւնը չէ խնդրոյ առարկան, որքան իսրայէլեանը: Աւելի հեռու կտրուածքով` Միացեալ Նահանգներուն համաձայնութիւնը: Առաջարկին...

Իրան-Իսրայէլ Պատերազմը  4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Իրան-Իսրայէլ Պատերազմը 4-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

8 զոհեր եւ աւելի քան 287 վիրաւորներ արձանագրուեցան, երբ իրանեան հրթիռներ երէկ կանուխ առաւօտուն ինկան կեդրոնական Իսրայէլի վրայ: Իրանի արձակած հրթիռներէն քանի մը հատը յաջողեցան ճեղքել իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը եւ Թել Աւիւի ու Հայֆայի մէջ դիրքեր հարուածելով մեծ վնասներ պատճառել: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, օդային պաշտպանութեան համակարգերը ձախողած են վնասազերծել Իրանէն արձակուած 10 հրթիռներ: Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը...

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 28-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 28-րդ Գերագոյն ժողովը գումարուեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան համար լրջագոյն աշխարհաքաղաքական ու ներազգային սպառնալիքների պայմաններում: Արցախի բռնազաւթումը եւ տեղի ունեցած ցեղային զտումը, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների հակազգային քաղաքականութեան հետեւանքով առաջացած համակարգային ճգնաժամը հարցականի տակ են դրել Հայաստանի պետականութեան ապագան: Վարչախումբը, թշնամական ուժերի հետ համադրաբար, շարունակում է ազգային շահերն ու արժէքները պաշտպանող ուժերի թիրախաւորումը, ներազգային պառակտումը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններում...

Համախմբուինք Գերագոյն ու Ընդհանրական  Արժէքներու Շուրջ

Համախմբուինք Գերագոյն ու Ընդհանրական Արժէքներու Շուրջ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ երեքշաբթի, 10 յունիսէն մինչեւ շաբաթ, 14 յունիս 2025-ին, կայացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը: Այս առիթով նիստերուն հրաւիրուած էին կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերն ու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները: Ժողովին ներկայացան նաեւ կաթողիկոսութեան բոլոր հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու տնօրէններն ու խնամակալութիւններու ներկայացուցիչները` զեկուցելու իրենց գործունէութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Իրանի  Եւ Երուսաղէմի Հայ Համայնքներու Ներկայ Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Իրանի Եւ Երուսաղէմի Հայ Համայնքներու Ներկայ Կացութեան

Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները բնականաբար երկու երկիրներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն մօտ յառաջացուցին լուրջ մտահոգութիւններ: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երկուշաբթի, 16 յունիս 2025-ին, դժուարութեամբ կարողացաւ կապ հաստատել Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ եւ իմացաւ, որ հայ համայնքը չէ ենթարկուած որեւէ վնասի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը  մօտէն կը հետեւի տեղի...

Հեռաձայնային կապ «Ալիք»-ի հետ

Հեռաձայնային կապ «Ալիք»-ի հետ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց «Ալիք-ի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հետ իմանալու համար ընդհանուր իրավիճակին եւ յատկապէս «Ալիք»-ի շէնքին կրած վնասներուն մասին։ Շահնազարեան հաստատեց, որ մերձակայ պայթումին պատճառով հիմնականին մէջ վնասուած են խմբագրատան շէնքին դռերն ու պատուահանները, ջարդուած են ապակիները։ Վնասները նիւթական են։ Խմբագրական աշխատանքները ժամանակաւորապէս առկախուած են մինչեւ վերանորոգումները ամբողջանան։ Շրջանին մէջ համացանցային կապը անջատուած է, եւ կը տարուին...

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան.  Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է  Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Մինչ Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Բուռն Յարձակումները 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Թրամփ. «Իրանն Ու Իսրայէլը Պէտք Է Համաձայնութիւն Գոյացնեն»

Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ բուռն յարձակումները երէկ 3-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցան: Իրան երէկ արշալոյսին հրթիռային հարուած մը հասցուց Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Ռահուոթ քաղաքին մէջ «Ուայզման» գիտական հիմնարկին, որ Իսրայէլի մէջ հետազօտական ու գիտական ամէնէն ականաւոր կեդրոններէն մէկն է եւ ծանօթ է իբրեւ «Իսրայէլի հիւլէական միտքը»: Յարձակումին պատճառով մեծապէս վնասուեցան աշխարհի վրայ գիտական ամէնէն ականաւոր հաստատութիւններէն մէկը նկատուող եւ...

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին  Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն  Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իրանին Եւ Իսրայէլին Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջախոհութիւն Ցուցաբերելու Կոչ Ուղղած Է

Լեւոն ԺԴ. պապը Իրանին եւ Իսրայէլին կոչ ուղղած է պատասխանատուութիւն եւ ողջախոհութիւն ցուցաբերելու` ընդգծելով, որ բոլոր երկիրներուն պարտականութիւնն է աջակցիլ խաղաղութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Վաթիքըննիուզ»-ը: «Այս օրերուն շատ մտահոգիչ լուրեր կը ստացուին. Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ կացութիւնը լրջօրէն վատթարացած է: Այս նուրբ պահուն ես պիտի ուզէի շտապ կրկին կոչ ուղղել պատասխանատուութեան եւ առողջ բանականութեան», ըսած է պապը Վատիկանի Սուրբ...

Պաշտօնական Երեւանը Դատապարտած Է  Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումը

Պաշտօնական Երեւանը Դատապարտած Է Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումը

Պաշտօնական Երեւանը դատապարտած է Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակումն ու կոչ ուղղած է «անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւններն ու հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւունքին»: «Իրանի դէմ միակողմանի յարձակումը խորապէս մտահոգիչ է: Տեղի ունենալով բանակցութիւններու յաջորդ փուլէն առաջ` անիկա կը վտանգէ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նաեւ շրջանային կայունութիւնն ու համաշխարհային խաղաղութիւնը», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:  

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան  30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գահակալութեան 30-րդ Տարեդարձի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին առիթով կիրակի, 15 յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կաթողիկոսանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ Գոհաբանական աղօթք (Հայրապետական մաղթանք): Պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Սուրբ պատարագին ներկայ էին կիլիկեան աշխարհացրիւ թեմերու թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրերը, Ազգային...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

13 յունիսի լուսցող գիշերը Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը զանգուածային հարուածներ հասցուցին Իրանի իսլամական հանրապետութեան` թիրախաւորելով միջուկային կենսուժային ենթակառուցուածքներու կեդրոններ, զինուորական հրամանատարութիւնը, գիտնականներ, քաղաքացիական շինութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ: Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակումը եւ ռազմական ծաւալուն գործողութիւնները կը հակասեն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքին եւ հարուածի տակ կը դնեն խաղաղ ազգաբնակչութեան կեանքի իրաւունքը: Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալուող ռազմական գործողութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական շարունակական ցնցումներու պարունակին մէջ...

Ակնարկ.  Բանակցային Կանոններու Պարտադրանքը

Ակնարկ. Բանակցային Կանոններու Պարտադրանքը

Միացեալ Նահանգներ-Իրան հիւլէական թղթածրարի հարցով բանակցութիւններու 6-րդ փուլի սեմին, Իսրայէլ հրթիռակոծեց իրանեան տարածքներ եւ թիրախաւորեց զինուորական եւ գիտական մարդուժի բարձրագոյն դէմքեր: Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններէն եւ ենթադրեալ արդիւնաւորումէն անհանգիստ էր Թել Աւիւ: Մինչ վերիվայրումներու կ՛ենթարկուէին բանակցող կողմերէն հնչած յայտարարութիւնները, մերթ լաւատեսական լիցք հաղորդելով գործընթացին, մերթ իրար մեղադրելով բանակցութիւններու հաւանական ձախողման: Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը որոշ առումով լոյս կը սփռէ պատահարներուն վրայ: Ուրեմն:...

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը ուրբաթ արշալոյսին լայնածիր յարձակումներ գործեց Իրանի վրայ` հարուածելով մայրաքաղաք Թեհրանի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ Նաթանզ եւ Թաւրիզ շարք մը դիրքեր: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իւի Տաւրին յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը գիշերուան ընթացքին աւելի քան 100 թիրախներ հարուածած է, եւ գործողութեան մասնակցած են 200 ռմբաձիգներ: Իսրայէլեան յարձակումները երէկ օրուան ընթացքին եւս շարունակուեցան: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին տուեալներով`...

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին յաջորդեցին միջազգային արձագանգներ, որոնք դատապարտում եւ զգուշացման ու ինքնազսպումի կոչեր կը պարունակէին: Շարք մը պետութիւններ դատապարտեցին յարձակումը եւ զայն նկատեցին Իրանի գերիշխանութեան ոտնահարում: Շրջանային ու միջազգային կարգ մը կողմեր իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին սրընթաց մագլցումին եւ շրջանին մէջ տագնապի տարածքի ընդլայնման նկատմամբ: Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտնեց. «Իրանեան հիւլէական անվտանգութեան իշխանութիւններուն հետ կապ կը հաստատենք հիւլէական կայաններու վիճակը...

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը Իրանի տարբեր շրջաններուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումներէն ետք յայտարարեց. «Իրան պիտի չմասնակցի կիրակի օր Օմանի մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի հիւլէական բանակցութիւններուն»: Նախքան այդ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը յուսան կիրակի օր Մասքաթի մէջ Իրանի հետ անոր հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ կատարել: «Տակաւին մտադիր...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ  Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ  «Պէզիքեան» Կեդրոնին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Մայրավանքին Մէջ Հիմնարկէքը Կատարուեցաւ «Պէզիքեան» Կեդրոնին

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, անցնող օրերուն, 10-13 յունիս 2025-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու կայացած նիստերու շրջագիծին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 13 յունիսին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ կատարուեցաւ հիմնարկէքը «Պէզիքեան» կեդրոնին: Արարողութեան ներկայ էին յիշեալ կեդրոնի բարերար ընտանիքի անդամներ Ալեքքօ Պէզիքեան, իր զաւակը` Զարեհ եւ թոռը` Անի Պէզիքեաններ, ինչպէս նաեւ Կրօնական ու Քաղաքական...

Page 92 of 795 1 … 91 92 93 … 795

Արխիւներ