Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին 5-ամեակին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Հինգ տարիներ, եւ վէրքը չսպիացաւ: Կորուստի վէրքը ինչպէ՞ս սպիանայ, երբ մեր մէջ կը գտնուի անարդարութեան կրակը, որ մեզ կ՛այրէ»: