Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս հաստատեց Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Փաշինեան-Ալիեւ-Թրամփ հանդիպումին մասին լուրը:
Կառավարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7-8 օգոստոսին պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ: Փաշինեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ` Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` «շրջանին մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան յառաջ մղման նպատակով»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը 5 օգոստոսին հաղորդեց, որ Սպիտակ տան պաշտօնեաներէն մէկը օրաթերթին յայտնած է, թէ Թրամփի հետ հանդիպումին հաւանական է, որ յայտարարուի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարի մը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ օր տեղի ունենալիք հանդիպումին ժամանակ հաւանական է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շրջագծային ձեւաչափը յայտարարուի:
Միջինարեւելեան հարցերու ամերիկացի վերլուծաբան Մայքըլ Սքոթ Տորանն ալ «Էքս»-ի վրայ հրապարակած է հանդիպումներու ժամանակացոյցը, որուն համաձայն, Թրամփ ուրբաթ օր Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով ժամը 2:30-ին պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետին հետ, 50 վայրկեան ետք` Ազրպէյճանի նախագահին, ապա երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ յայտարարութիւն պիտի կատարէ: