Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղայի. «Իրան Կը Վերահաստատէ Իր Դիրքորոշումը` Ապաշրջափակումը Պէտք Է Կատարուի Առանց Որեւէ Երկրի Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Խախտելու»

Օգոստոս 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ կը կարծէ, որ ատոր կեանքի կոչումը օգտակար պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար: Թեհրան համոզուած է, որ փոխկապակցուածութիւնը տնտեսական զարգացման եւ բարօրութեան հիմնական բաղադրիչն է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի:

29 յուլիսին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ Ազրպէյճանի պահանջած Նախիջեւանի հետ կապի հաստատման վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշման մասին հարցումին պատասխանելով Պաղայի նշած է.

«Արտօնեցէք այսպէս ձեւակերպել: Նախ` մենք մեծապէս կը գնահատենք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները թէ՛ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Անոնք մեր դրացիներն են, եւ մենք հաստատակամ ենք շարունակելու երկու պետութիւններուն հետ մեր բարի դրացնութեան քաղաքականութիւնը: Մենք բարեկամական ամուր կապեր ունինք թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի հետ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա մենք Իրանի մէջ ունինք շատ աշխուժ եւ կարեւոր հայ համայնք, որով կը հպարտանանք:

«Մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը, որովհետեւ այդ շրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը մենք կ՛ընկալենք իբրեւ մեր սեփական խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բաղադրիչ: Մենք պիտի ձեռնարկենք բոլոր կարելի ջանքերը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

«Ինչ կը վերաբերի փոխադրամիջոցային ուղիներուն, ապա մենք միշտ աջակցած ենք անոնց, որովհետեւ համոզուած ենք, որ փոխկապակցուածութիւնը տնտեսական զարգացման եւ թէ՛ հայերու, թէ՛ ազրպէյճանցիներու, ինչպէս նաեւ իրանցիներու բարօրութեան հիմնական բաղադրիչն է: Մենք անկեղծօրէն յոյս ունինք, որ այդ նախաձեռնութիւնները պիտի ծնին դրական արդիւնք: Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան եւ կը կարծենք, որ անիկա օգտակար է ամբողջ շրջանին համար:

«Միեւնոյն ժամանակ մենք յստակօրէն նշած ենք, որ որեւէ փոխադրամիջոցային ուղի պէտք է իրականացուի` յարգելով միջազգային ճանաչում ունեցող սահմանները եւ չխախտելով որեւէ պետութեան գերիշխանութիւնը կամ տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Այսպիսով, հակառակ այն իրողութեան, որ մենք կ՛աջակցինք Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ Իրանի միջեւ փոխադրամիջոցային ուղիներու եւ կապի ընդլայնման, մենք պէտք է իսկապէս զգուշ ըլլանք: Նախ` չփոխելու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, որեւէ ձեւով չխախտելու որեւէ պետութեան ազգային գերիշխանութիւնը կամ տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մէկ այլ կարեւոր կէտ, որ մենք միշտ ընդգծած ենք եւ կը կածենք, որ բոլոր շրջանային պետութիւնները պէտք է գնահատեն, այն է, որ երրորդ կողմերուն` ոչ շրջանային դերակատարներուն կարելի չէ Հարաւային Կովկասի գործերուն միջամտել արտօնել: Նման միջամտութիւնները միայն պիտի բարդացնեն կացութիւնը եւ չեն ծառայեր շրջանի պետութիւններու շահերուն: Ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է, որ միշտ հնչեցուցած ենք եւ պիտի շարունակենք ատոր հետեւիլ»:

Նախորդը

Վելայեթի. «Իրան Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձէ Որեւէ Կառավարութեան, Որ Կ՛ուզէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Չարաշահել»

Յաջորդը

«Թրամփ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Է» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Տէյնս

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?