Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար Հըզպալլայի պատուիրակութեան մը հետ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէին այցելելէ ետք յայտնեց. «Ներքին կարգ մը թղթածրարներ արծարծեցինք եւ քաղաքացիական խաղաղութեան ու ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտեցինք»:
«Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը երէկ (նախարարաց խորհուրդի ժողովին մէջ) տեղի ունեցածին գնահատումը կը կատարէ եւ ատոր լոյսին տակ պիտի որդեգրէ ապագայի վերաբերեալ որոշումը: Կուսակցութիւնը քաղաքացիական խաղաղութեան նկատմամբ ամէնէն նախանձախնդիր կողմն է», նշեց Ռաատ:
«Եթէ քաղաքացիական խաղաղութեան ամէնէն նախանձախնդիր կողմը փնտռէք, պիտի գտնէք, թէ Հըզպալլան անոր նկատմամբ ամէնէն նախանձախնդիրն է», նշեց ան:
«(Ամերիկացի պատուիրակ) Թամ Պարրաքի փաստաթուղթը իսրայէլեան փաստաթուղթ է, եւ եթէ որդեգրուի, իսրայէլեան պահանջ մը բաւարարած կ՛ըլլանք, եւ իսրայէլացի թշնամիին ծառայութիւն մատուցած կ՛ըլլանք: Պէտք է բոլորը անդրադառնան իսրայէլացի թշնամիին նպատակին վտանգաւորութեան», աւելցուց Ռաատ:
«Լիբանանցիները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն Իսրայէլի ամերիկեան փաստաթուղթի ճամբով թիրախաւորածին, եւ հակառակ Լիբանանի եւ Դիմադրութեան յանձնառութեան, Իսրայէլ կը շարունակէ ոչ յանձնառու մնալ», ըսաւ երեսփոխանը:
«Բանակն ու կուսակցութիւնը Լիբանանի շահերուն, պաշտպանութեան եւ գերիշխանութենէն մեկնելով զիրար ամէնէն շատ հասկցող ու ըմբռնող հաստատութիւններն են», նշեց Ռաատ: