Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահա Հարիրի Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

August 7, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2025-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պահա Հարիրիի, որուն կ՛ընկերանար ութ անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: Հարիրի երէց զաւակն է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, որ 14 փետրուար 2005-ին զոհ գնաց անարգ ոճիրի մը:

Պահա Հարիրիի նպատակն է վերադառնալ Լիբանան եւ նոր մօտեցումներով ու առաջնահերթութիւններով շարունակել իր հօր քաղաքական ուղեգիծը: Նշենք, որ շուրջ տարի մը առաջ, Մոնաքոյի մէջ հաստատուած Պահա Հարիրի կապ պահեց վեհափառ հայրապետին հետ եւ յայտնեց Լիբանան վերադառնալու ու հայ համայնքին հետ գործակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանրապէս անդրադառնալու Միջին Արեւելքի պարզած ներկայ աշխարհաքաղաքական պատկերին եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Պահա Հարիրիի այցելութիւնը` յիշեց, որ երկար տարիներու վրայ տարածուած բարեկամական ու գործակցական յարաբերութիւն կայացած է Ռաֆիք Հարիրիի, կաթողիկոսարանին եւ հայ համայնքին միջեւ: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հարիրի ընտանիքին բերած կարեւոր նպաստին Լիբանանի վերաշինութեան ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Խօսելով հայ համայնքին մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ իբրեւ եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, հայ համայնքը կը մնայ ամրօրէն կառչած իր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն` գործակցելով բոլոր համայնքներուն հետ: Անդրադառնալով սփիւռքի տարածքին ապրող հայ գաղութներուն եւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջազգային յարաբերութեանց` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց Լիբանանի իւրայատուկ կարեւորութիւնը թէ՛ քրիստոնեայ համայնքներուն եւ թէ՛ հայ համայնքին համար: Հետեւաբար, Լիբանանի վերածաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումով, կը նկատենք հրամայական, ըսաւ հայոց հայրապետը:

Պահա Հարիրի նախ եւ առաջ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի հայութեան` անոր անդամները նկատելով օրինակելի քաղաքացիներ` հաւատարիմ լիբանանեան միութեան ու գերիշխանութեան: Ան յայտնեց, որ ինք շուտով կը վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու համար իր հօր քաղաքական ուղեգիծը` գործակցելով բոլոր համայնքներուն հետ: Հարիրի նաեւ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներուն եւ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը Լիբանանի ծաղկումին առնչութեամբ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ իր ունեցած կապերուն, միջազգային թէ միջին արեւելեան մակարդակներու վրայ` շեշտելով, որ որեւէ ժամանակէ աւելի միջազգային համայնքը յանձնառու է օժանդակելու Լիբանանի վերականգնումին: Հարիրի յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը` խորհրդակցութիւնները շարունակելու վեհափառ հայրապետին հետ:

 

Նախորդը

Թրամփ Կը Մերժէ Ճշդել, Թէ Կազայի Վրայ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Հե՞տ Է, Թէ՞ Դէմ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.